Փեփ Կուարտիոլա Նշանակուեցաւ Պայէրն Միւնիխի Մարզիչ
Պայէրն Միւնիխ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց պաւարիական ակումբին հետ:
Կուարտիոլա, որ իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ յուլիսին, այսպիսով պիտի փոխարինէ Եուփ Հայնքեսը, որ Պունտըսլիկայի 2012-2013 տարեշրջանին աւարտէն ետք ոչ միայն պիտի հեռանայ Պայէրն Միւնիխէն, այլեւ վերջնականապէս պիտի լքէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Պայէրնի գործադիր տնօրէն Քարլհայնց Ռումընիկէ ըսաւ. «Մենք շատ ուրախ ենք, որ յաջողեցանք մեր կազմին մարզիչ ունենալ Փեփ Կուարտիոլայի նման փորձառու մասնագէտ մը»:
CATEGORIES Մարզական

