ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ, 6 մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը` «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 150,000 ամ. տոլար, որուն 50,000 տոլարը նուիրեցին ճաշկերոյթին նախագահող տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան: Այս առիթով Ճեմարանի տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց նուիրատու ամոլը:
Ճաշկերոյթին ընթացքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը պատուեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան յուշամետալով` «կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ մեծագոյն աւանդի եւ ազգանուէր ու հայանպաստ գործունէութեան համար»:
Ճեմարանի հայակերտման եւ մարդակերտման առաքելութեան ճամբան հարթելու ու դպրոցին յարատեւ վերելքին սատար կանգնելու նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Վարձքը կատար բոլոր նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն ու գործնականացնողներուն եւ շնորհակալութիւն նիւթական թէ բարոյական գետնի վրայ կրթական այս հաստատութեան նեցուկ կանգնող` ճաշկերոյթին ներկայ եւ բացակայ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին:
Ճաշկերոյթին մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք հետագային: