ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՁԵՌՆԱՐԿ` ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ձեռնարկին ներկաները

Երէկ` կիրակի, 8 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 19-րդ տարելիցին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ:

Մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սարին Ղազարեան, որ նշեց, թէ այսօր առիթն է ազգի վեհերէն մէկուն` Վիգէն Զաքարեանի յիշատակը նշելու: Ան յայտնեց, որ թէեւ Վիգէն Զաքարեան նահատակուեցաւ Արցախի ազատագրութեան ճանապարհին վրայ, սակայն անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ջութակի վրայ Հրակ Տեմիրճեան նուագեց «Կռունկ»ն ու «Ծիրանի ծառ»ը, իսկ տուտուկի վրայ Հայկ Քէշիշեան նուագեց «Զարթիր որդեակ»ը եւ «Կամաւորի երգ»ը:

Ապա ցուցադրուեցաւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը` պատրաստութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

 

Share this Article
CATEGORIES