ԱԼԵՔՍԱՆ ՄՆԱԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ. «ԿԱՐԿԱՉ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

«Կարկաչ»ի ելոյթէն պահ մը

Ալեքսան Մնակեանի ծննդեան 75  եւ մահուան 25-ամեակներուն առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբին վարչութեան, երէկ` կիրակի, 8 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ»ի տարեկան համերգը:

«Կարկաչ»ի  գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն է Զաքար Քէշիշեան, իսկ խումբին դաշնակով ընկերակցեցաւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան: Յայտագիրը սկսաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբով, որ ներկայացուց հայրենի երաժշտահան Էմմա Միհրանեանի խմբերգներէն փունջ մը, ինչպէս նաեւ Ալեքսան Մնակեանի մշակած հայրենասիրական երգաշարը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական երգչախումբը, որ երգեց Էմմա Միհրանեանի մանկապատանեկան երգերէն ընտրանի մը: Համերգը փակուեցաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին կողմէ Ալեքսան Մնակեանի «Արտուտիկ» 12 մանկապատանեկան երգերու կատարողութեամբ: Անոնց խօսքերը կը պատկանին Վարուժան արք. Հերկելեանի: «Կարկաչ»ի տարեկան ելոյթը փակուեցաւ «Կենդանիներու ժողովը» երգով:

Համերգի աւարտին խօսք առաւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութիւնը նուիրուած է Ալեքսան Մնակեանին, որպէսզի անոր յիշատակը վառ մնայ եւ «Կարկաչ»ը երգերով փոխանցէ իր յարգանքը:

Քէշիշեան ապա ընթերցեց երկու նամակ. առաջինը Մնակեանի դուստրէն` Սօսէ Մնակեան-Շամլեանէն. նամակին մէջ ան նշած էր, որ Ալեքսան Մնակեան մեծ գոհունակութիւն կը զգար, երբ կ’աշխատէր մանուկներու եւ պատանիներու հետ: Մնակեան-Շամլեան յայտնած էր, որ իր հայրը միշտ ալ կ’ուզէր, որ պատանիները հպարտ ըլլան իրենց երգերով ու մշակոյթով:

Երկրորդ նամակը «Կարկաչ»ի անդրանիկ խումբի անդամ դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեանէն էր, որուն մէջ ան մեծապէս կը գնահատէ «Կարկաչ»ին գործունէութիւնը, եւ կը շեշտէ, որ «Կարկաչ»ի յաջողութեան գրաւականը փոխադարձ սէրն ու յարգանքն է:

Շուրջ ութսուն «Կարկաչ»ականներ աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին հայ երգերով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ` քաջալերելով հայկական մանկապատանեկան երգարուեստը:

Այս առիթով, ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցան գրքոյկներ, որոնց մէջ տեղադրուած էին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը, ուր գրուած է. «Մեծերը (ակնարկելով նաեւ Ալեքսան Մնակեանին. «Ա.») գնահատելը ինքնանպատակ չէ, այլ` յիշեցման ու ինքնարժեւորման միջոց մը, կառչած մնալու անոնց ուղիին եւ շարունակելու նախնիներուն երթը: Ուղին, առաջնորդուելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նպատակներէն, կը միտի մատղաշ սերունդին մօտ հայ երգին նկատմամբ ստեղծել սէր ու քաջալերական մթնոլորտ եւ պահպանել հայ ժողովուրդի մշակութային դարաւոր ժառանգութիւնը»: Շրջանային վարչութիւնը կ’աւելցնէ. ««Կարկաչ» երգչախումբը իր բազմամեայ գործունէութեամբ երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղը պիտի հետեւի այդ ուղենիշին, որպէսզի լիբանանահայութեան մօտ մանկապատանեկան երգարուեստը շարունակէ իր երթը եւ արձանագրէ նոր նուաճումներ»:

 

Share this Article
CATEGORIES