ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ԹԱՂՈՒԱԾ 300 ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ եւ Այնթուրայի 300 հայ անմեղ որբերու յիշատակին, երէկ` կիրակի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ քոլեճին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիպում մը` հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:

Ժունիէի հայ կաթողիկէ «Սէր» միութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիրեն Սեմերճեան, որ նշեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը սկսած է հետզհետէ մո՛ռնալ թուրքին ոճիրին ահաւորութիւնը եւ ասոր վկան է թրքական ֆիլմաշարերու ցուցադրութեան ծիրին ընդարձակումը լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ: Ապա Սիրեն Սեմերճեան ներկայացուց Այնթուրայի որբանոցի 300 հայ որբերու ճակատագիրը բացայայտած Միսաք Քելեշեանը:

Սակայն նախքան Քելեշեանի խօսք առնելը, Լազարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Անթուան Նաքատ ֆրանսերէնով խօսք առնելով պատմեց, թէ ինչպէ՛ս քոլեճին մէջ հայ որբերը թրքացուած են: Անոնք տանջուեցան, որովհետեւ պարզապէս հայ էին:

Միսաք Քելեշեան արաբերէնով խօսք առնելով ներկայացուց քոլեճին պատմութիւնը: Ան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Ճեմալ փաշայի եւ Խալիտէ Էտիպի գլխաւորութեամբ հայ մանուկները թրքացման եւ իսլամացման ենթարկուեցան:

Միսաք Քելեշեան նշեց, թէ 300 հայ որբեր մահացան քոլերայի, անօթութեան եւ տանջանքի պատճառով ու թաղուեցան եկեղեցւոյ խորանին ետեւ: 1993-ին, երբ քոլեճը ընդլայնելու աշխատանքներուն պատճառով փորեցին գետինը, հոն գտան հայ որբերուն աճիւնները, որոնցմէ մաս մը հաւաքելով թաղեցին մեծաւորներու գերեզմաններուն մէջ:

2010-ին հայր Անթուան Նաքատ փոքր` 30 քառ. մեթրնոց հողաշերտ մը նուիրեց, որպէսզի հոն յուշակոթող եւ տապանաքար զետեղուի:

Քելեշեան զուգահեռներ գծեց Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերուն եւ լիբանանցիներուն կրած տանջանքներուն միջեւ: «Ո՞ւր է մայիս 6-ը այսօր, ո՞ւր է նահատակներու մեծարումը Նահատակաց հրապարակին վրայ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս շոգիացաւ Մայիս 6-ը իբրեւ Նահատակաց օր», հարց տուաւ Մ. Քելեշեան

Share this Article
CATEGORIES