«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ 55-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Վիգէն Աւագեան կը ներկայացնէ իր զեկուցումը

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, ուրբաթ, 6 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 55-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր ««Ազդակ»ի բացառիկ հրատարակութիւնները»: Զեկուցումը ներկայացուց «Ազդակ»ի բացառիկ հրատարակութիւններու խմբագիր Վիգէն Աւագեան:

Մամլոյ լսարանին բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ հաստատեց, որ վերջին տարիներուն «Ազդակ»ը իրադարձութիւններուն արագ արձագանգումին իմաստով եւ համագաղութային առումով ունեցած է իր կարեւոր դերը: Ժաք Յակոբեան աւելցուց, որ «Ազդակ»ի բացառիկ հրատարակութիւնները վերջին տարիներուն կ’ընդգրկեն յօդուածագիրներու աւելի լայն շրջանակ մը` հայրենիքէն եւ սփիւռքէն:

Ապա խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան, որ նշեց, թէ «Ազդակ»ը մեր կեանքի բազկերակն է, որ 24 ժամ տեղեկութիւն, լուր եւ գիտելիք կը փոխանցէ: Ան ըսաւ, որ երեսուն տարուան կեանք ունին «Ազդակ»ի բացառիկները, որոնք մեր իրականութեան մէջ անհրաժեշտութիւն են: Աւագեան աւելցուց, որ «Ազդակ»ի ամանորեան առաջին բացառիկը լոյս տեսած է 1952-ին, թերթի 25-ամեակին առիթով:

Աւագեան յայտնեց, որ վերջին 30-31 տարիներուն լոյս տեսած են 45 բացառիկ թիւեր, որոնց մէջ հսկայական գրականութիւն կայ: Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ 2002-էն ետք բացառիկներու աշխատակիցներուն թիւը ընդլայնեցաւ:

Ան նշեց, որ «Ազդակ»ի ապրիլեան բացառիկները սփիւռքեան իմաստով Հայ դատի հրատարակութիւններ են: Ապագայ մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով` Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ խմբագրակազմը երիտասարդականացնելու խնդիր կայ:

«Ազդակ»ի բացառիկներուն խմբագիրը յայտնեց, որ «Ազդակ» բացառիկներուն կողքին նաեւ հրատարակած է երկու գիրք` մէկը «Հայութեան եւ Լիբանանի համար», իսկ երկրորդը` «Հայրենի Ջաւախք»: Աւագեան ըսաւ նաեւ, որ հայկական տպագրութեան 500 եւ Ցեղասպանութեան 100 ամեակներուն գծով պէտք է տանիլ լուրջ աշխատանք:

Ապա ներկաները զրուցեցին մարդուժի, Հայ դատին վերաբերող գրութիւնները օտար լեզուներով թարգմանելու, վարժողական ծրագիրներու եւ այլ հարցերու մասին, ինչպէս նաեւ բացառիկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան զեկուցաբերէն:

Share this Article
CATEGORIES