Յառաջիկայ 19 Յունուարին Պէյրութի Մէջ Կը Սկսի Միջերկրականեան Ճատրակի 8-րդ Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ 19 յունուարին «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) կը սկսի Միջերկրականեան ճատրակի 8-րդ ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Յունաստանէն, Սուրիայէն, Մոնաքոյէն, Պաղեստինէն, Թունուզէն, Լիպիայէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած ճատրակ խաղացողներ:

Այս ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Չարլզ Քէյլ` իր կողքին ունենալով միջազգային այլ իրաւարարներ:

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր վստահեցուց, որ այս մրցաշարքը պիտի ընթանայ շատ լաւ ձեւով, որովհետեւ Լիբանան իր բոլոր պատրաստութիւնները տեսաւ` իր առաւելագոյնը տալու համար ախոյեանութեան յաջողութեան գծով:

Նշենք, որ այս մրցաշարքը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար նախորդ մայիսին, սակայն ապահովական անկայունութեան պատճառով անիկա յետաձգուեցաւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )