Մանսուր Ընդունեց Զասպիքինը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումներն ու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին շեշտեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ իր ընթացքը` Սուրիոյ տագնապը Ժընեւի հաղորդագրութեան հիման վրայ լուծելու առումով:
Ռուսիոյ դեսպանը հաստատեց, որ պէտք է արագ լուծումներ գտնել` սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ ապահովելու առումով: Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ Մոսկուա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` իր օժանդակութիւնը տրամադրելու լիբանանեան իշխանութիւններուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

