Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Փլամպլին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ բազմազանութիւնը պահելու կարեւորութիւնը:
«Հանդիպումին ընթացքին մենք շեշտեցինք Լիբանանի մէջ ազգային գոյակցութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկեցինք Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերն ու անոնց լուծումներուն կարելիութիւնները` գործակցելով Լիբանանի կառավարութեան հետ», ըսաւ Փլամպլի:
Փլամպլի շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, որովհետեւ Լիբանան ժողովրդավարութեան եւ շրջանին մէջ քաղաքական իսկական աշխուժութեան օրինակն է:
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը անցեալ չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդականներ` նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի եւ Նատեր Հարիրիի հետ:
Հանդիպումը ունեցած է խորհրդակցական բնոյթ` լաւագոյնս ծառայելու լիբանանցիներուն:


