Տաուք. «Լիբանանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Տեղեկատուական Յարաբերութիւնները Պէտք Է Ամրապնդուին»
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրեն համար ողջունելի են բոլոր այն քայլերը, որոնք կ՛առնուին` Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հզօրացնելու:
Տաուք բարձր գնահատեց «Անատոլու» լրատու գործակալութեան դերակատարութիւնը եւ առարկայական լրատուութիւնը, որ հիմնուած է ստոյգ տեղեկութիւններու վրայ:
Տաուք կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղեկատուական յարաբերութիւնները ամրապնդելու` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան