Պըրրի Ընդունեց Մուսթաքպալ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք եւ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու նախարար Ալի Համտան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրինագիծերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը դարձաւ Այն Թինէի ճաշի հիւրը:
CATEGORIES Լիբանանեան