Վրաստանի Վարչապետը Աշխատանք Պիտի Տանի Հայաստանի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալու

Իվանիշվիլի` Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի 17 յունուարին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ, ինչպէս նաեւ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Տեսակցութիւններուն ընթացքին քննարկումի նիւթ հանդիսացան հայ–վրացական յարաբերութիւնները, վրացահայ համայնքն ու անոր կարիքները:

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Վրաստանի վարչապետը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին վստահեցուց, որ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի տեղւոյն հայութիւնը իր սեփական երկրին մէջ ըլլալու զգացումը ունենայ: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վիրահայ համայնքին` ընտրութիւններուն ընթացքին իրեն նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան եւ աջակցութեան համար:

«Ես ունիմ մեծ թիւով հայ բարեկամներ` Վրաստանի մէջ եւ անկէ դուրս: Հայերուն կողմէ միշտ ալ շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացած եմ: Ընտրութիւններուն ընթացքին լաւապէս համագործակցած ենք իրարու հետ, իսկ արդիւնքները այդ մէկուն լաւագոյն ապացոյցն են», հաստատեց վարչապետը` շեշտելով, որ նախընտրական հանգրուանին հայութեան առնչութեամբ տրուած բոլոր խոստումները իրականութիւն պիտի դառնան:

Ապա Վրաստանի վարչապետը ընդունուեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ, որ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակին մասին` վստահութիւն յայտնելով, որ վարչապետին Հայաստան տուած այս այցելութիւնը նոր խթան պիտի հանդիսանայ միջպետական համագործակցութեան զարգացման:

Զրոյցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Վրաստանի մէջ հայկական պատմական սրբավայրերու պատշաճ պահպանման ու վերականգնման, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի հոգեւոր կարիքներու բաւարարման համար անհրաժեշտ կարգ մը հայկական եկեղեցիներ Վիրահայոց թեմին վերադարձնելու հարցին: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յոյս յայտնեց, որ վրացական պետութիւնը անհրաժեշտ քայլերը կ՛առնէ` յիշեալ խնդիրները ըստ արժանւոյն լուծելու գծով:

Վիրահայոց համայնքին անունով կաթողիկոսը խնդրանքով դիմեց Իվանիշվիլիին, որպէսզի Վրաստանի հայկական դպրոցներուն մէջ դասաւանդուի «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» առարկան: Վեհափառ հայրապետը նաեւ միջնորդութիւն կատարեց` Վահագն Չախալեանի ազատ արձակման համար:

Վրաստանի վարչապետը` ուրախութիւն յայտնելով Ս. Էջմիածին այցելութեան առիթով, խօսեցաւ հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութեան մասին` ընդգծելով նաեւ, որ մեծ յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Ապա վարչապետը անդրադարձաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ առաջադրուած խնդիրներուն` տեղեկացնելով, որ անձնապէս յանձն պիտի առնէ եկեղեցիներու նորոգութիւնը, եւ անմիջապէս անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի առնուին հայկական եկեղեցիներու պահպանութեան ուղղութեամբ: Իվանիշվիլին նաեւ յանձնարարական տուաւ` «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» առարկայի դասաւանդումը հայկական դպրոցներուն մէջ կազմակերպելու համար, իսկ Վ. Չախալեանի առնչութեամբ յայտնեց, որ խնդիրը քննարկման հանգրուանին մէջ է:

«Ռուսիոյ Հետ Երկաթուղային Հաղորդակցութեան
Վերականգնումը Հակապետական Քայլ Է»

Կ՛ըսէ Սահակաշվիլի

 

Միխայիլ Սահակաշվիլի

Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի երէկ Ռուսիոյ հետ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման մասին Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի յայտարարութիւնը որակեց «հակապետական»:

«Իվանիշվիլիի յայտարարութիւնը, որ ան Հայաստանի մէջ ըրած է, վտանգաւոր է եւ չի բխիր Վրաստանի ռազմավարական եւ աշխարհաքաղաքական շահերէն», յայտարարեց Սահակաշվիլի:

Ըստ անոր, ներկայիս նման երկաթուղիի անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ Վրաստանը Ախալքալաք-Կարս երկաթուղիին միջոցով դէպի Եւրոպա այլընտրանքային ելք ունի եւ այդ ուղին մրցունակ է նախ եւ առաջ Ռուսիոյ համար:

«Երկաթուղիի վերականգնման հարցը պէտք է լուծել միայն Աբխազիոյ ապաբռնագրաւման հարցը լուծելէ ետք կամ այդ հարցին զուգահեռ, որովհետեւ երկաթուղիի վերականգնումը Ռուսիոյ կողմէ Աբխազիոյ ճանաչման փաստացի օրինականացումն է», նշեց Սահակաշվիլի:

Իվանիշվիլի Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր, որ Աբխազիա-Վրաստան-Հայաստան երկաթուղին կրնայ բացուիլ: Ան թէեւ շեշտեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ չկան, սակայն յայտնեց, որ «Ռուսիոյ հետ խնդիրները շատ մեծ եղած եւ շատ մեծ ալ մնացած են, սակայն մենք յոյսով ենք եւ կ՛աշխատինք, որ որքան կարելի է շուտ վերականգնուին եւ կանոնաւորուին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները: Սակայն շատ վիճելի տարածքային ամբողջականութեան հարցեր թոյլ չեն տար ատոնք շուտ լուծել»` աւելցնելով, որ երկաթուղիին բացումը այդ ծիրին մէջ պէտք է դիտել:

 

Share this Article
CATEGORIES