Պաքու Կ՛արտօնէ Ստեփանակերտի Օդակայանը Օգտագործող Օդանաւերու Զգետնումը. Հայաստան Պատրաստ Է Երաշխաւորելու Օդանաւերու Ապահովութիւնը

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը երէկ վաւերացուց «Ազրպէյճանի օդային տարածքի օգտագործման օրէնք»-ի փոփոխութեան ենթարկուած տարբերակը, որ արտօնութիւն կու տայ զինուորական ուժերուն զգետնելու «արգիլեալ գօտի»-ներէն ներս թռիչք կատարող այն օդանաւերը, որոնք կը մերժեն անմիջապէս վայրէջք կատարելու կամ նշեալ գօտիէն հեռանալու հրահանգը, «եթէ յստակ տեղեկութիւն չկայ այն մասին, որ օդանաւին մէջ անմեղ քաղաքացիներ կան»:

Ազրպէյճան նման գօտի մը կը նկատէ Արցախը, իսկ նոր օրէնքին գլխաւոր թիրախն է Ստեփանակերտի օդակայանը:

Հակադարձելով այս օրէնքի վաւերացման` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտարարեց, որ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը պատրաստ են երաշխաւորելու Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը:

Անդրադառնալով Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման առնչութեամբ ազրպէյճանական կողմէն շարունակուող սպառնալիքներուն` Օհանեան ըսաւ. «Ստեփանակերտի օդակայանէն առաջին թռիչքի իրականացման ընթացքին, Հայաստանի զինեալ ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան եւ օդային ուժերը պիտի ապահովեն քաղաքացիական ինքնաթիռի գործողութիւնը եւ թռիչքը»:

Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ 2008-ին սկսաւ նոր ու գլխաւոր մասնաշէնքի կառուցումը. այս միջոցին լայնցուած է նաեւ էջուղին եւ հարթեցուած են անոր յարակից քանի մը բլուրներու գագաթները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ժամանակակից օդանաւերու ընդունումը: Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման օրերէն իսկ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան հարուածել զայն օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը: Սպառնալիքները կը շարունակուին, հակառակ միջազգային հանրութեան կողմէ հնչած դատապարտումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )