ՀՅԴ-ն Պիտի Ուղղորդէ Իր Ընտրազանգուածը

«Քաղաքացիները պէտք չէ մտածեն, որ քանի որ ընտրութիւններով շատ հարց չի կրնար լուծուիլ, ուրեմն պէտք է մերժեն եւ չմասնակցին ընտրութիւններուն», Henaran.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀՅԴ-ն պիտի ուղղորդէ՞ իր ընտրազանգուածը քուէարկելու որեւէ թեկնածուի օգտին, Մինասեան ըսաւ, որ այս պահու դրութեամբ իրենց յայտարարութիւնը` չքուէարկելու իշխանութեան թեկնածուի օգտին, ուժի մէջ է: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք անպայման մասնակցելու ընտրութիւններուն, իսկ թէ ո՛ր թեկնածուին օգտին, յստակ է յայտարարութեան մէջ, որ այդ թեկնածուն իշխանութիւնը չէ: Ընթացքին Գերագոյն մարմինը պիտի կողմնորոշուի եւ լրացուցիչ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ` որեւէ թեկնածուի կամ բոլորին դէմ քուէարկելու մօտեցումը կիրարկելու համար», եզրափակեց Արծուիկ Մինասեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )