Ակնարկ. Երկաթագիծի Վերագործարկման Միտումներ

Երեւանի մէջ Վրաստանի վարչապետին կատարած յայտարարութիւններէն որոշ բաժիններ անհրաժեշտ է լոյսին բերել եւ կատարել քաղաքական խորհրդածութիւններ։ Բնականաբար այցը պէտք է դիտարկել ներվրացական փոփոխութիւններու, անոնց իբրեւ արդիւնք ռուս-վրացական մերձեցման միտումներու ընդհանուր պարունակին մէջ։

Իր հայ գործընկերոջ հետ տեղի ունեցած մամլոյ համատեղ ասուլիսի ընթացքին հետեւալ «միջադէպ»ը կը գրաւէ առաջին ուշադրութիւնը.-

Երբ  վրացի լրագրողը հարց կու տար վերջին օրերին աղմուկ բարձրացուցած այն տեղեկատուության վերաբերեալ, թէ  Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանջիկիձէն Լիտվայի խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, թէ «ղարաբաղյան հակամարտութիւնը պետք է լուծուի միայն Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներուն մէջ», Իվանիշվիլին վրոդովուած դիմած է անոր. «Ինչո՞ւ  հիմա այստեղ դարձեալ այդ հարցը կ՛արծարծէք. մի քանի անգամ արդէն հարցը շահարկուած է, տիկին Մայա Փանջիկիձէի պաշտօնական պատասխանէն ետք հարցը փակուած է: Գիտեք, որ այդ հարցը աղաւաղուած է, բայց դուք դարձեալ կը հարցնէք»:

Սպասելի չէր անշուշտ, որ վրացի վարչապետը յայտարարութիւն կատարէր Արցախի ինքնորշման իրաւունքի սկզբունքի գերակայութեան մասին։ Այսուհանդերձ, իր վրդովմունքը եւ մանաւանդ այս առիթով կատարած յայտարարութիւնը կ՛ենթադրէ առ նուազն, որ պաշտօնական Թիֆլիսը նաեւ չի գերադասեր Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը.աւելին՝ առանց հասցէագրումի կ՛ամբաստանէ այն կողմը, որ աղաւաղած է Վրաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին յայտարարութիւնը։ Կը թուի, որ այս մէկը ուշագրաւ յստակացում է, որ Վրաստանի վարչապետը կը կատարէ Երեւանի մէջ։

Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան թեմայէն անցնինք այս անգամ հայ-ռուս-վրացական յարաբերութիւներու գիծին, կեդրոնանալու համար Աբխազիոյ, Վրաստանի և Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման հնարաւորութեան վերաբերող քննարկումներուն։ Վարչապետ Իվանիշվիլին ի պատասխան այս հարցին յայտարարած է, որ հնարավոր է, և վրացական կողմը բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած է . այդ առումով Վրաստանի և Հայաստանի միջև որևէ տարաձայնութիւն չկայ: Շարունակելով, որ մեծ մասամբ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման հնարաւորութիւնը կապուած է Ռուսիոյ դիրքորոշման հետ: Ան նաեւ նշած է, որ Վրաստանն այդ ուղղությամբ կը գործադրէ  բոլոր ջանքերը:

Յայտնապէս, Հայաստանի հանրապետութեան համար տնտեսական նոր հեռանկարներ բացող այս ուղիի հարթումը բանակցութիւններու առարկայ է։ Թիֆլիսը, ըստ այս յայտարարութեան իր համաձայնութիւնը տուած է եւ կ՛ակնկալէ, որ Մոսկուան վերջնականացնէ ծրագիրը։ Իսկ նման ուղիի հարթումը խորքին մէջ Երեւանին համար կ՛արժեզրկէ Թուրքիոյ հետ սահմանին գինը։

Աճապարելու պէտք չկայ սակայն գերխանդավառութիւն տարածելու համար։ Պատահական չէ, որ վարչապետ Իվանիշվիլին գնդակը հեզասահօրէն նետած է ռուսական դաշտ։ Ներվրացական հակասութեան դրսեւորումը չուշացաւ։ Նախագահ Սահակաշվիլին իր վարչապետին երաւանեան յայտարարութիւնը որակեց հակապետական, այն առումով, որ Աբխազիոյ երկաթագիծի վերագործակումը պայմանաւորուած է Աբխազիոյ «ապաբռնագրաւումով»։Խառն ուղերձի բաժին կար անշուշտ վրացի վարչապետի յայտարարութեան երկաթագիծին վերաբերող բաժինին մէջ։

Ռուսական շահագրգռուածութիւնը այս հարցին մէջ կ՛երեւայ անուղղակի։ Գիւմրի ռուսական 102-րդ ռազմակայանի ամրապնդման վերաբերող տեղեկատուութիւնները կը յուշեն, որ երկաթգիծի վերագործակումը օգտակար է Գիւմրին Ռուսիոյ կապելու ուղղութեամբ։

Այս նախադրեալները կը յուշեն, որ Հայաստան-Վրաստան-Աբխազիա-Ռուսիա երկաթագիծի վերագործակցումը քննարկման առակայ է։ Այս ճանապարհը ռազմավարական նկատառելի նշանակութիւն կ՛ունենայ  կիսաշրջափակուած Հայաստանի հանրապետութեան համար։

Յանկարծակի շրջադարձեր պէտք չէ ապահովել՝ կը յուշէ քաղաքական իրատեսութիւնը։ Միաժամանակ սակայն կը թելադրէ նկատի ունենալ վրացական իշխանափոխութիւնը, ռուսերու հետ Թիֆլիսի կողմէ փոխանցուող մերձեցման նշանները, Երեւանի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները եւ մանաւանդ երկաթագիծի վերագործարկման բանակցութիւնները։

«Ա.»

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )