50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1963)
Ս. Նշան Եկեղեցւոյ
Տիկնանց Միութեան Հաւաքոյթը
Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութեան տօնական օրերու ընկերական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 16 յունուար 1963, չորեքշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Նշան մանկապարտէզի սրահին մէջ:
Համակիրներու եւ անդամուհիներու հոծ բազմութիւն մը ժամանակէն առաջ լեցուցած էր սրահը:
Հաւաքոյթը բացաւ միութեան ատենապետուհի Է. Պալեան, որ շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, յետոյ մանրամասնօրէն տեղեկացուց վարչութեան ներկայ տարուան գործունէութեան մասին: Անկէ ետք հաւաքոյթը շարունակուեցաւ ընկերական տաք մթնոլորտի մէջ: Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Աղաւնի Քարակոփեան եւ Յասմիկ Բագրատունի, որոնք իրենց զգայուն ձայներով հայաստանեան երգեր երգեցին ձեռնադաշնակի ընկերակցութեամբ:
Սոնա Տէրտէրեան յաջողութեամբ արտասանեց Դ. Վարուժանի «Կարօտի նամակ»-ը: Ս. Նշանի դպրաց դասի կրտսեր անդամուհիները, ղեկավարութեամբ Վ. Սէրայտարեանի, նուագեցին դաշնակի, ձեռնադաշնակի, ջութակի եւ կիթառի վրայ հայկական ժողովրդական շատ սիրուն երգեր:
Մթնոլորտը չափազանց խանդավառ տրամադրութեամբ ելեկտրականացած էր` ի տես փոքրիկ հայորդիներու խնդագին նուագին. ծափերը թնդացուցին Ս. Նշանի մանկապարտէզի սրահը, որ նեղ կու գար արդէն: Շատեր ոտքի վրայ էին:
Եղաւ հիւրասիրութիւն եւ վիճակահանութիւն: 100-է աւելի նուէրներ տրուած էին սիրայօժար տրամադրութեամբ, անդամուհիներու կողմէ: Տեղւոյն վրայ 300 տոմսեր շուտով սպառեցան եւ բախտաւորները շահեցան սիրուն նուէրներ: Ուշ ատեն, ժամը 6:00-ին հաւաքոյթը վերջ գտաւ եւ ներկաները մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ` թելադրելով վարչութեան կրկնել նմանօրինակ հաւաքոյթներ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Հայերը Հոլանտայի Մէջ
Ամսթերտամէն (Հոլանտայի մայրաքաղաք) կը գրեն.-
Դեկտեմբեր 2-ին Ամսթերտամի «Միներվա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեր տարեկան ժողովը, ուր ընտրուեցան գաղութի վարչութեան նոր անդամները: Վերընտրուեցան անցեալ տարուան անդամները, բացի` Ալեքս Յակոբեանէն, որ առողջական պատճառներով ներկայացուց իր հրաժարականը: Ալեքս Յակոբեանին տեղ նոր անդամ ըլլալով` ընտրուեցաւ տիկին Տրոս:
Ժողովի ընթացքին ատենադպրուհին տուաւ վարչութեան գործունէութեան զեկուցումը, իսկ գանձապահը ըրաւ տարեկան հաշուետուութիւնը: Զեկուցումէն եւ հաշուետուութենէն ի յայտ եկաւ, որ վարչութիւնը 1962-ի ընթացքին ունեցած է գոհացուցիչ գործունէութիւն:
Այս տարի Հոլանտայի հայ գաղութը Ս. Ծնունդը տօնեց ճիշդ օրին: Ս. Ծնունդի առթիւ յատկապէս հրաւիրուած էր Նիկոլեան վարդապետ, որ Ս. պատարագ մատուցանեց:
Հայր սուրբին ներկայութենէն օգտուելով` տեղի ունեցաւ նաեւ տէր եւ տիկին Յովհաննէս Մինասեաններու աղջնակին մկրտութիւնը` կնքահայրութեամբ տէր եւ տիկին Նուպար Եսայեաններու:
Նոյն օրը, երեկոյեան, մասնաւոր վարձուած սրահի մը մէջ, գաղութին հայութիւնը առիթը ունեցաւ մէկ քանի ժամ հայկական ջերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ապրելու: Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ հիւրաբար Հոլանտա գտնուող աթենահայ սիրուած երգչուհի Արուս Գրիգորեան, որ իրեն եղած հրաւէրին սիրով ընդառաջելով, երգեց հայկական եւ յունական քանի մը երգեր` արժանանալով ներկաներու ինքնաբուխ եւ բուռն ծափերուն: