Ֆլեչըր Մինչեւ Տարեշրջանին Աւարտը Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Տերըն Ֆլեչըր, որ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:

28 տարեկան սկովտիացի միջազգային մարզիկը, որ նախորդ տարեշրջանին մեծ մասը, ինչպէս նաեւ այս տարեշրջանին սկիզբը բացակայեցաւ, վերադառնալով 13 մրցում կատարեց իր ակումբին եւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ (նախորդ սեպտեմբերէն սկսեալ):

Ան Եունայթըտի հետ իր վերջին մրցումը կատարեց նախորդ 26 դեկտեմբերին` Նիւքասըլի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES