Բանանց Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Իր լուրը քաղելով Բանանց Երեւանի պաշտօնական կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ուքրանացի մասնագէտ Վլատիմիր Փիաթենքօ նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ:

Բանանց յառաջիկայ 21 յունուարին ուսումնամարզական հաւաքի մը համար պիտի մեկնի Կիպրոս: Հոն խումբին պիտի միանայ 38 տարեկան Փիաթենքօ` ստանձնելով իր նոր պաշտօնը:

Անոր օգնականները պիտի ըլլան Ալպերթ Քովալիով, Կարէն Սիմոնեան, Արթուր Ոսկանեան եւ Նիքոլայ Տոնեւ:

Ուքրանացին մարզիչի իր ասպարէզը սկսած է 2008-ին, երբ Մեթալուրկ Տոնեցքի կազմին մէջ եղած է գլխաւոր մարզիչ Նիքոլայ Քոսթովի օգնականը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )