Ջուլֆալակեան Եւ Ամոյեան Հայաստանի Ըմբշամարտի Առաջին Հաւաքին Չեն Մասնակցիր

Հայաստանի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ հաւաքականին առաջին ուսումնամարզական հաւաքին (13-25 յունուար) իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր Արսէն Ջուլֆալակեան եւ Ռոման Ամոյեան` նկատի ունենալով, որ անոնք մրցումներ կը կատարեն գերմանական Պունտըսլիկային մէջ:

Այս հաւաքին նպատակն է խումբը պատրաստել Դանիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն:

Սակայն յաջորդ ուսումնամարզական հաւաքին անոնք երկուքն ալ ներկայ պիտի ըլլան, եզրափակեց գլխաւոր մարզիչը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES