ՈՒՔՍՈՐ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ ԿՐԱԿՄԱՐԻ ԴՐՈՒԹԻՒՆ. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՂՊՏԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԵԼԵՖԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԷ ԵՏՔ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ

Եգիպտական ապահովական ուժեր` հրկիզուած եկեղեցիին առջեւ

Եգիպտոսի վարչապետ Իսամ Շարաֆ երէկ երկրին կառավարութիւնը արտակարգ նիստի մը հրաւիրեց` քննարկելու համար Գահիրէի մէկ արուարձանին մէջ քրիստոնեայ կնկայ մը իսլամութեան ենթադրեալ դաւանումին շուրջ ղպտիներու եւ սելեֆականներու միջեւ բախումները, որոնք պատճառեցին 12 զոհ եւ 232 վիրաւոր: Վարչապետը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն իր այցելութիւնները յետաձգեց` հետեւելու համար ապահովական կացութեան:

Եգիպտական կառավարութիւնը իր արտակարգ նիստէն ետք յայտարարեց, որ շրջանին մէջ ապահովութիւնը վերականգնելու համար շարք մը միջոցառումներ պիտի որդեգրէ` նշելով, որ ապահովութիւնը վտանգողները պիտի ենթարկուին խիստ պատժամիջոցներու, ներառեալ` մահապատիժի: Կառավարութիւնը ընդգծեց, որ ամենայն վճռակամութեամբ եւ բուռն կերպով դէմ պիտի կանգնի Եգիպտոսի ապահովութեան սպառնացողներուն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ապահովական կացութիւնը քննարկելու համար իր նիստը բաց կը յայտարարէ:

Նշենք, որ բախումներու գլխաւոր թատերաբեմ Իմպապա թաղամասի Ուքսոր շրջանին մէջ կրակմարի դրութիւն հաստատուեցաւ:

Եգիպտոսի իսլամ կրօնական բարձրագոյն իշխանութիւնը` Ազհար, արտակարգ նիստ մը գումարելով քննարկեց բախումները: Կիզայի նահանգապետը յայտնեց, որ զոհերուն եւ վիրաւորներուն ընտանեկան պարագաները հատուցում պիտի ստանան:

Շաբաթ օր շուրջ 500 սելեֆականներ հաւաքուած էին Գահիրէի Իմպապա արուարձանին մէջ գտնուող Ս. Մինա եկեղեցւոյ առջեւ` պահանջելով, որ այդտեղ գտնուող քրիստոնեաները իրենց յանձնեն իսլամութիւնը դաւանած քրիստոնեայ կին մը, որ, ըստ իրենց, այդտեղ արգելափակուած է: Այլ իսլամներ սելեֆականներուն միացան` ստուգելու համար, թէ խնդրոյ առարկայ կինը այդտեղ կը գտնուի՞: Լարուածութիւնը մագլցում արձանագրելով` հրացանաձգութիւն տեղի ունեցաւ եւ երկու կողմերը իրարու դէմ քոքթել մոլոթովներ նետեցին: Մօտակայ շրջանին մէջ գտնուող Ս. Մարիամ եկեղեցին հրկիզուեցաւ: Բանակն ու ոստիկանութիւնը օդը կրակեցին եւ արցունքաբեր ռումբեր օգտագործեցին` ցրուելու համար ամբոխը: Ապահովական մարմինները ձերբակալեցին 190 անձեր եւ կը շարունակեն ուրիշներ հետապնդել: Բանակը յայտարարեց, որ ձերբակալեալները զինուորական դատարանի մէջ պիտի դատուին:

Կիրակի առաւօտեան, եգիպտական բանակը եկեղեցին շրջապատող թաղերուն մէջ զրահապատ մեքենաներ տեղակայեց եւ անցարգելներ հաստատելով խուզարկութիւններ կատարեց:

Կարգ մը ղպտիներ նշեցին, որ ապահովական ուժերը եկեղեցւոյ առջեւ հաւաքուած ամբոխը ցրուելու համար շատ դանդաղ շարժած են եւ դիտողի դերին մէջ գտնուած են, մինչ լարուածութիւնը հետզհետէ մագլցում արձանագրած է:

Նշենք, որ 9 մարտին եւս ղպտի երէցկինի մը իսլամութեան ենթադրեալ դաւանումին հարցով ղպտիներու եւ իսլամներու միջեւ բախում մը 13 զոհ պատճառած էր: Վերջերս ի յայտ եկաւ, թէ բախումներուն պատճառ դարձած լուրը անհիմն էր:

 

Share this Article
CATEGORIES