ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՍՕՐ ԱՄԷՆԷՆ ԱՂՔԱՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ
Այսօր Թուրքիոյ մէջ կը սկսի «նուազագոյն զարգացած երկիրներու» խորհրդաժողովը, որուն անդամ են 48 երկիրներ, ներառեալ` Աֆղանիստանն ու Եմէնը: ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը վայելող հնգօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներուն դիմագրաւած սուր խնդիրները:
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովին մասնակից տասը հազար պատուիրակներու շարքին են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ, Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ:
Թուրքիա ստանձնած է խորհրդաժողովին մասնակից 48 երկիրներէն 11 պատուիրակներու փոխադրածախսերը:
Խորհրդաժողովին նպատակն է միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ աղքատ երկիրներու մէջ աղքատութիւնն ու անօթութիւնը նուազեցնելու կարելիութիւնները քննարկել: Քննարկուելիք հարցերուն շարքին է նաեւ սեռերու հաւասարութեան հարցը:
Այս խորհրդաժողովը վերջին անգամ տեղի ունեցաւ 2001-ին` Պրիւքսելի մէջ: 1981-ին եւ 1990-ին տեղի ունեցած նախորդ երկու խորհրդաժողովներուն հիւրընկալն էր Ֆրանսան: