ՔԱՅԻՏԱՅԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՄԸ ԵՒ 17 ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԶՈՀ ԳԱՑԻՆ ԻՐԱՔԵԱՆ ԲԱՆՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԲԱԽՈՒՄԻՆ
18 հոգի, ներառեալ` Քայիտայի «Պաղտատի էմիր», կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը դէմ յարձակումը ծրագրած Հութայֆա Պաթաուի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը` զօր. Քասեմ Մուսաուի, զոհ գացին բանտարկեալներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ Պաղտատի մէկ բանտէն փախուստի փորձի մը ընթացքին տեղի ունեցած բախումին:
Զոհերու շարքին էին նաեւ Քայիտայի 10 այլ բարձրաստիճան անդամներ:
Քարրատա շրջանին մէջ գտնուող բանտին մէջ բախումները սկսան, երբ բանտարկեալ մը բանտապահէ մը զէնք գրաւեց ու սպաննեց շարք մը բանտապահներ եւ այլ բանտարկեալներու զէնքեր բաժնեց: Բանտարկեալները բանտին մէկ մասը քանի մը ժամ իրենց վերահսկողութեան տակ առին, մինչեւ որ մասնայատուկ ուժեր ըմբոստութեան վերջ տուին:
Բանտը կ՛ընդգրկէ շուրջ 230 բանտարկեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը Քայիտայի անդամներ են: