Հրանդ Տինքի Յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յունուար 19, 2007-ին Պոլսոյ մէջ օր ցերեկով սպաննուեցաւ հայ մամուլի ներկայացուցիչներէն մէկը` Հրանդ Տինք:

Անոր սպանութեամբ հայոց երկինքը կրկին անգամ խաւարեցաւ: Աստղ մը եւս մարեցաւ, լուսաւոր այն աստղերէն մէկը, որուն  մէկ ծայրը հայրենիք կը հասնէր, իսկ միւսը` սփիւռքեան անդաստանը:

Անոր մեկնումը դարձաւ հայկական սուգ:

Անոնք, որոնք նախապէս զինք տեսած էին հայ եւ օտար բեմերու վրայ կամ կարդացած էին իր ստորագրութիւնը կրող գրութիւնները, պիտի հաստատեն, որ այդ ամէնը հեղինակ Տինքի սրտի վճիտ բաբախումներէն ծնունդ առած նոր յոյսի եւ խանդավառութեան, մարդկային արդարութեան եւ խաղաղութեան արձագանգներն էին:

Անկասկած, որ Հրանդ Տինք հրապարակագիր մտաւորականն էր, որ աշխարհակալի նման տիրեց մեր սրտերուն` ոչ իբրեւ բռնակալ, այլ` իբրեւ խոնարհ անհատ, որ բոլոր տառապողներուն երգը երգեց բարձրաձայն:

Նոյն այդ երգի ու երգիչի անհաւասար պայքարը տարաւ մինակը` մամուլի էջերով ու հրապարակային իր ելոյթներով:

Զինք չէի ճանչնար:

Սակայն իր խօսքերը զիս կապեցին, որովհետեւ մեր ազգի ցաւոտ ճամբուն վրայ ազգին մարտիրոսութիւնը հետապնդեց:

Ինք իմ միակ հիացումս է հիմա, որ մեր նոր սերունդին պիտի տայ նոր ներշնչում ու մեր ժողովուրդի դատին նոր հոսք:

Իր գութն ու սուգը խառնեց մեր ժողովուրդի կսկիծին ու ցաւին եւ աշխարհի ուշադրութիւնը փորձեց կեդրոնացնել իր ժողովուրդի ճակատագրին:

Ակնկալութիւններ չճանչցող այս մարդը սպաննուեցաւ խաղաղութեան աղաւնիին նման անակնկալ:

Ան մեր հպարտանքն է:

Ան մեր պատմութեան 21 դարու էջերու զարդն է:

Դարձաւ այս նոր դարու ասպետ մը, որուն սահմանները Պոլիսէն անդին կ՛անցնին ու ամբողջ հայութիւնը ու նոյնիսկ մարդկութիւնը կը բովանդակեն:

Անոր համար բովանդակ հայութիւնը պարտաւոր է զայն հսկել:

Պաշտպանեց մեզ իր բառերու եւ գրիչի զէնքերով, մարդկայնութեան գաղափարը` ընդդէմ բռնութեան, անիրաւութեան, անարդարութեան:

Իր անկաշառ գրիչն ու խօսքը մխրճեց քնացած խղճին մէջ մարդկութեան` յանուն արդարութեան, արդար դատի ախոյեան:

Մարդասէր էր ու պիտի օրհնուի իր անունը ու ոգեկոչուի համայն հայութեան կողմէ:

Սուգը, որ  կը յարգենք միայն մերը չէ, այլ` համայն մարդկութեան եւ համայն մեզի նման ճակատագրական ազգերու, որոնց ուսերուն վրայ դեռ մարդկային անիրաւութիւնը իր թաթը դրած է:

Ան չափած էր մեր յոյսերը, մեր ձգտումները, հայ վերածնող ոգին իրեն հետ պտտցուց:

Հայ ժողովուրդի կեանքի եւ լոյսի բոցերը հրահրեց:

Հրանդ Տինք մեկնեցաւ յանկարծ յաւիտենական մեր պայքարի դաշտէն, սակայն իր ձայնին հետ իր գրչի նժարին ձայնն ալ հասցուց բոլորիս:

Իր հոգիի ամէնէն լայն եւ ազնիւ խորշին մէջ պահած ապրեցաւ մեր ժողովուրդի արդար Դատը:

Իր դրօշակը, որ պարզած էր, ունէր բազմաթիւ ծալքեր, եւ որուն վրայ մարդասիրութիւն եւ արդարութիւն դրոշմուած էին:

Ան ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ:

Խորին եւ ինքնաբուխ անկեղծութիւն կար իր խօսքերուն մէջ, իր ձգտումներուն մէջ ուխտագնաց մըն էր վեհ սրտով, որուն շնորհիւ ամէն մէկ հայ կը զգար, որ իրապէս հայ էր:

Վեհ սիրտ մը ունէր, որ կը բաբախէր հայութեան համար:

Իր խօսքերը բախեցին յոյսի ու արդարութեան ուռնակը, եւ որ լուսաւորեց մեր մտքերու հորիզոնը:

Իր ցասումը աղաղակեց հպարտութեամբ:

Յիշատակի խորան մը պէտք է կառուցենք:

Բնաւ չկրցայ ծանօթանալ, անոր համար այս օրերուն սրտաբեկ երախտագիտութեամբ զինք կը յիշեմ:

Մեր ցեղին տառապանքը հիւսեց ու գնաց միանալու մեծերուն` նոյն յոյսերով, ծրագրով բեռնաւորուած:

Մեզ զարմացուց եւ միաժամանակ հիացուց եւ միացուց:

Մեր պատմութիւնը լեցուն է անհաւասար կռիւներու մէջ զոհուած մարտիկներով, հերոսներով:

Վեհ կոչեցինք իր գործը:
Ու այսօր
Գաղափարի ասպետը ոչ եւս է:
Բուռ մը արցունք:
Բուռ մը ծաղիկ իր շիրիմին` մեր պատմութեան քարերէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )