Արժանաւոր Ոգեկոչում Մարաշի Աղէտին 93-րդ Տարելիցին
Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ Ցեղասպանութենէն ետք հայկական կեանքը, հայրենի գաւառին կապուածութիւնը առաւել չափով մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ վերաթարմացնելու կոչուած մեծ առաքելութիւն վերապահուած է հայրենակցական միութիւններուն:
Արդարեւ, այս իմաստով Լիբանանի մէջ կայք հաստատած Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններէն հայրենակիցներ, որոնց կարգին մարաշցիներ, գաղթէն ճողոպրելէ ետք իրենց առաջին եւ հիմնական նպատակը եկաւ դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ կառուցել` սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը պահելու միտումով: Այս հսկայ եւ նուիրական աշխատանքը համակարգելու համար կազմուեցաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւն: Լայնախոհ եւ հեռատես յաջորդական շրջանի միութենականներ ջանք չխնայեցին Պուրճ Համուտի շրջանը եւ Նոր Մարաշ թաղամասը օժտելու հայկականութեամբ: Հայկական դիմագիծը առաւել եւս շեշտուեցաւ հայրենակցական միութեան կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներով, հայկական վարժարան յաճախող սաներու տրամադրուած կրթանպաստներով:
Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը, տարիներու իր աւանդութեան հաւատարիմ, այս տարի եւս ոգեկոչեց Մարաշի աղէտի նահատակներուն եւ մահացած հայրենակիցներուն յիշատակը` յատուկ պատարագով, հոգեհանգստեան պաշտօնով եւ պաշտամունքով:
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց հայկական բարքերու եւ հայկական ինքնութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Մարաշի հայրենակցական միութեան առաքելութիւնը:
Հոգեհանգիստէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենակցական հաւաք մը, որուն ընթացքին Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան ընթերցեց միութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը: Աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան գնահատեց Մարաշի հայրենակցական միութեան աշխուժ գործունէութիւնը եւ մաղթեց յարատեւ կամք եւ յաջողութիւն: Հանդիպումը վերջ գտաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի «Կիլիկիա» երգի կատարումով:
Յայտնենք, որ Մարաշի աղէտին 93-ամեակին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն եւ պաշտամունք մատուցուեցաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: