Թեհրանի Եւ Յունաստանի Թեմերու Առաջնորդ Սրբազանները Այցելեցին «Ազդակ»
Շաբաթ առտու «Ազդակ»-ի հիւրերն էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան: Տնօրէնութեան հետ կայացած զրոյցը կը վերաբերէր թեմերու ընդհանուր գործունէութեան` յատկապէս ազգային, հոգեւոր, կրթամշակութային մարզերուն: Սրբազանները բարձր գնահատեցին սփիւռքահայ մամուլի առաքելութիւնը յատկապէս կարեւոր նկատելով օրաթերթի առօրեայ աշխատանքը:
CATEGORIES Գաղութային
Երկու Սրբազանները Եզակի Դէմքեր են Հայոց Նորագոյն պատմութեան մէջ: