Ըստ Համաշխարհային Դրամատան Ազրպէյճանի Տնտեսական Աճը Յառաջիկայ Տարիներուն Պիտի Կրճատուի
Ըստ Համաշխարհային դրամատան նախատեսութեան, 2013-ին Ազրպէյճանի տնտեսական աճը 4.2 առ հարիւր պիտի ըլլայ:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է Համաշխարհային դրամատան «Համաշխարհային տնտեսութեան հեռանկարները» զեկուցումին մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, 2014-ին Ազրպէյճանի տնտեսական աճի մակարդակը պիտի կազմէ 3.7 առ հարիւր, իսկ 2015-ին` 3.6 առ հարիւր:
Ըստ Համաշխարհային դրամատան նախատեսութեան, Ազրպէյճանի Համախառն ներքին արտադրութիւնը 2014-ին 79.8 միլիառ տոլար պիտի ըլլայ, իսկ 2015-ին` 86 միլիառ տոլար:
Բացի ատկէ, անձ գլուխ բաժին ինկող Համախառն ներքին արտադրութեան մակարդակը 2013-ին պիտի կազմէ 7.909 տոլար, 2014-ին` 8.408 տոլար, իսկ 2015-ին` 8.966 տոլար:
CATEGORIES Միջազգային