Ահմատինեժատ Առաջին Անգամ Ըլլալով Արեւմտեան Պատժամիջոցներու Հասցուցած Տնտեսական Վնասին Մասին Խօսած Է

Մահմուտ Ահմատինեժատ

«Վեսթի» վկայակոչելով «Ժազիրա»-ն կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ առաջին անգամ ըլլալով խոստովանած է իր երկրին դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հաստատած տնտեսական պատժամիջոցներուն իրանեան տնտեսութեան պատճառած վնասներուն մասին:

Ահմատինեժատ չորեքշաբթի օր Իրանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Իրան պէտք է քարիւղի եկամուտներէն կախեալութիւնը յաղթահարէ` արեւմտեան պատժամիջոցներու արդիւնաւէտութիւնը նուազեցնելու համար:

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ ըստ Իրանի նախագահին, մեծ պետութիւններու ղեկավարներուն սահմանած սահմանափակումները յանգեցուցած են Իրանի տնտեսական աճի դանդաղեցման եւ խախտած երկրին արտաքին առեւտուրը:

Իբրեւ քարիւղին այլընտրանք` ան առաջարկած է եկամուտի աղբիւր նկատել լեռնահանքային արդիւնաբերութեան արտադրութիւնը կամ փայտը:

Ահմատինեժատ ընդգծած է, որ «թշնամիները» Իրանի տնտեսութեան թոյլ կողմերը կ՛օգտագործեն` իրանեան իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրելու համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )