Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի «Արաբական Գարուն»-ը 225 Միլիառ Տոլարի Վնաս Պատճառած Է
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ «Արաբական գարնան» տնտեսական ծախսերը կազմած են 225 միլիառ տոլար:
Ըստ հաշուարկներու, 2010-ին Միջազգային դրամական ֆոնտը նախատեսած է, որ Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ տնտեսութիւնները միասնաբար 2011-2015 թուականներուն պիտի կազմեն 2.2 եռիլիոն տոլար: Ներկայիս այդ ցուցանիշը նուազեցուած է 10 առ հարիւրով, ինչ որ կը կազմէ այն գումարը, որ այդ երկիրները կորսնցուցած են «Արաբական գարնան» պատճառով:
Հոկտեմբեր 2011-ին Միջազգային դրամական ֆոնտը արաբական երկիրներու վնասները, ուր առաւել մեծ վերիվայրումներ տեղի ունեցած են, գնահատած էր 55 միլիառ տոլարով:
Ըստ փորձագէտներուն, Եմէնի մէջ վնասը կազմած է այդ երկրին համախառն ներքին արտադրութեան 5.4 առ հարիւրը, Թունուզի մէջ` 5.2 առ հարիւրը, Եգիպտոսի մէջ` 4.2 առ հարիւրը: Հիմնական հարուածը ստացած են Սուրիան ու Լիպիան, ուր վնասը կազմած է համախառն ներքին արտադրութեան 7.7 առ հարիւրը:
Ապրիլ 2012-ին «Լիպիըն Ֆորէյն Պանք»-ի գլխաւոր տնօրէն Մոհամետ պըն Եուսուֆ յայտարարած է, որ արաբական աշխարհի երկիրները յեղափոխութեան պատճառով 75 միլիառ տոլար կորսնցուցած են:
Դեկտեմբեր 2012-ի սկիզբը Տուպայի «Էմիրէյց 24/7» համացանցային թերթը գրած էր, որ Յորդանանի ծրագրաւորման եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Սալեհ Հարապշի յեղափոխութեան վնասները գնահատած էր 120 միլիառ տոլարով: