«Անհրաժեշտ Է Կասպից Ծովու Օրինական Կարգավիճակը Ճշդել» Կ՛ըսէ Սալեհի
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է Կասպից ծովու օրինական կարգավիճակը ճշդել, որպէսզի զայն եզերող դրացի երկիրները մտատանջող մտավախութեանց վերջ տրուի»:
Սալեհի Կասպից ծովու հարցերուն նուիրուած ազգային երկրորդ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Կասպից ծովուն վերաբերեալ իրանեան արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է ազգային շահերու պահպանման վրայ»:
Ան ըսաւ, որ «Իրան պարտադրուած պատերազմի ընթացքին յաջողեցաւ իր հողերուն մինչեւ իսկ վերջին թիզը պահպանել, ուստի յետպատերազմեան հանգրուանին ընթացքին ջանացինք եւ մեր ամբողջ ջանքը պիտի թափենք ազգային շահերը պահպանելու համար»:
Իրանի դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «միջազգային յարաբերութեան ընդլայնման երկրորդ հիմքը միջազգային համաձայնութեանց եւ համաձայնագիրներու յանձնառութիւնն է»` աւեցնելով, որ «Իրան այդ բոլոր համաձայնութիւնները յարգեց»:


