Պուլկարիոյ Մէջ Յարձակում` Ծագումով Թուրք Քաղաքական Գործիչի Մը Դէմ
Անծանօթ զինեալ մը Պուլկարիոյ Յանուն իրաւունքներու եւ ազատութեանց շարժում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տողանի սպառնաց, մինչ ան իր կուսակցութեան 8-րդ հերթական ժողովին ընթացքին խօսք մը կ՛արտասանէր:
Կասկածելին անակնկալ կերպով բեմին վրայ յայտնուեցաւ եւ իր ատրճանակը ուղղեց Տողանի ուղղութեամբ: Կուսակցութեան մնացեալ անդամները անմիջապէս ձերբակալեցին զինք: Տողան խորապէս ցնցուեցաւ, սակայն չվնասուեցաւ:
Կասկածելին ձերբակալուեցաւ, ժողովը ցրուեցաւ, իսկ Տողանի խօսքը հետագային պատուիրակներուն պիտի բաժնուի գրաւոր կերպով:
Յանուն իրաւունքներու եւ ազատութեանց շարժում կուսակցութիւնը, որուն անդամներուն մեծամասնութիւնը թուրքեր են, Պուլկարիոյ մէջ կեդրոնի կուսակցութիւն մըն է:
CATEGORIES Միջազգային