Ըստ Թրքական Լրատուամիջոցներու Ֆրանսական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Փարիզի Սպանութիւնները ՔԱԿ-ի Ներքին Տագնապի Հետեւանք Կը Նկատէ
Թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնը թրքական կառավարութենէն պաշտօնատարներու յայտնած է, որ Փարիզի մէջ 9 յունուարին ՔԱԿ-ի երեք կին գործիչներու սպանութիւնը ներկուսակցական տագնապի մը արդիւնք է: Թրքական իշխանութիւնները ֆրանսական գաղտնի սպասարկութենէն այս ուղղութեամբ պաշտօնական տեղեկութիւն ստացած են:
«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ կը հաղորդուի, թէ ֆրանսացի պաշտօնատարները Փարիզի մէջ կատարուած սպանութիւններէն առաջ արդէն տեղեակ էին ՔԱԿ-ի տարբեր հատուածներու միջեւ լարուածութենէն:
Ըստ իշխանութիւններուն, օտար պետութիւններ եւս կրնան այդպիսի լարուածութիւնները գրգռած ըլլալ` ՔԱԿ-ի յուսախաբ անդամները օգտագործելով այդ ոճիրները գործադրելու համար:
Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը 18 յունուարին հաղորդած էր, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը 17 յունուարին սպանութեանց հարցով երկու կասկածելիներ ձերբակալած է, առաջինը` 39 տարեկան, իսկ երկրորդը` 31: Կը հաղորդուի, որ անոնք սպաննուած անձերու մօտիկ շրջանակին կը պատկանին:
Փարիզի հակաահաբեկչական գրասենեակը նշեալ կասկածելիներու արգելափակման ժամանակը երկարաձգած է 96 ժամուան: Կասկածելիները Քուրնէօվ շրջանի բնակիչներ են եւ Թուրքիոյ մէջ ծնած:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու շաբաթ օր կոչ ուղղեց քիւրտ կին գործիչներու սպանութեան ծալքերը շուտով բացայայտելու` նշելով, որ այդ ոճիրի ծալքերուն բացայայտումը ՔԱԿ-ին աջակցողները պիտի բացայայտէ: