Ռուսիա Սեւ Եւ Միջերկրական Ծովերուն Մէջ Սկսաւ Ծովուժի Լայնածաւալ Ռազմափորձերու

Ռուսիոյ ռազմածովային ուժերը` Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութեան ղեկավարութեամբ, շաբաթ օր Սեւ ծովու եւ Միջերկրական ծովու աւազաններուն մէջ սկսած են վերջին տասնամեակներուն ընթացքին մեծագոյն միջնաւատորմային ռազմափորձերուն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ ռազմափորձին կը մասնակցին Սեւծովեան, Պալթեան եւ Հիւսիսային նաւատորմերէն` «Մոսկուա» մեծ հրթիռային յածանաւը, մեծ հակասուզանաւային «Սեվերոմորսք» նաւը, «Սմեթլիվի» եւ «Եարոսլաւ Իմաստուն» նաւերը, ցամաքահանումի մեծ «Սարաթով», «Ազով», «Քալինինկրատ» եւ «Ալեքսանտր Շապլին» նաւերը եւ այլն:

Ռազմափորձերուն ընթացքին, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 29 յունուար 2013, ռուս նաւաստիները Սեւ եւ Միջերկրական ծովերուն մէջ պիտի իրականացնեն աւելի քան 60 տարբեր մարտական վարժութիւններ, ներառեալ` նաեւ հրթիռային եւ հրետանային:

 

Share this Article
CATEGORIES