«Ընտրական Օրէնքը Պէտք Է Քրիստոնեայ- Իսլամ Հաւասարութիւն Գոյացնէ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` ընդգծելով Լիբանանի ապահովական կայունութեան կարեւորութիւնը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս հանգրուանին լիբանանցիները իրենց քաղաքական ղեկավարներուն կ՛ուղղեն իրենց հայեացքը` հիմնական երկու առումով: Անոնք են. ընտրական նոր օրէնքը եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու հարցը:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք չէ ձգտի խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններուն թիւերը աւելցնելու եւ կամ համայնքային ոգին շեշտելու, այլ      ` ան պէտք է վերաշխուժացնէ ժողովրդավարութիւնը եւ քրիստոնեաներուն ու իսլամներուն միջեւ հաւասարութիւն պարտադրէ:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ  սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու հարցը մարդասիրական հարց է, սակայն լիբանանեան պետութիւնը պէտք է զգուշ ըլլայ եւ իր հակակշիռին տակ առնէ սահմանները` արգիլելու համար դէպի Լիբանան զէնքի մուտքը:

Ան  կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` գործելու միջազգային ընտանիքին հետ եւ Լիբանանը իր կարողութիւններէն աւելի չծանրաբեռնելու, այլ`  սուրիացի գաղթականները արաբական այլ երկիրներ եւ ապահով շրջաններ տեղափոխելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )