Ժոմպլաթ. «Կառավարութենէն Պիտի Չհրաժարինք»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումները աւարտելէ ետք տուած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկումները կեդրոնացան Ժընեւի հաղորդագրութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ փոխանցման շրջանի կառավարութեան իրաւասութիւններուն շուրջ:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է յանգիլ Ժընեւի հաղորդագրութեան գործադրութեան, այնպէս մը, որ անիկա ճշդէ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին աւարտը եւ պահպանէ սուրիական պետութիւնը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լաւրովի հետ իր ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցէ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի, ինչպէս նաեւ կարգ մը սուրիացի բարեկամներու:
Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ռուսիա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 30 յունուարին Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին: Ան մաղթեց, որ Մոսկուայի կողմէ նիւթական նկատառելի օժանդակութիւն մը կատարուի այդ խորհրդաժողովին ընթացքին:
Լիբանանեան առումով, Ժոմպլաթ շեշտեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ ինք այս կամ այն ընտրական օրինագիծին մասին ըսելիք մը չունի: Այս շրջագիծին մէջ, Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք կառավարութենէն պիտի չհրաժարի` ընդգծելով, որ իրենց համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթ է:

