Սայտայի Մէջ Պայթում Մը Կը Պատճառէ 1 Զոհ Եւ 14 Վիրաւոր
Սայտայի Հասպէ շրջանին մէջ Ապտալլա Հարիրիի պատկանող պանանի հասունացման փուռին մէջ ծծումբի ներգործութիւնը պատճառեց պայթում մը, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան զոհ մը եւ վիրաւորուեցան 14 ուրիշներ:
Քաղաքացիական ապահովութեան ուժերն ու հրշէջները անմիջապէս ուղղուեցան Հասպէ եւ հակակշիռի տակ առին կացութիւնը:
Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի այցելեց դէպքին վայրը, ուր ստուգեց պայթումին արձանագրած նիւթական հսկայ վնասները, ինչպէս նաեւ ուղղուեցաւ Սայտայի հիւանդանոցները եւ այցելեց պայթումին պատճառած վիրաւորներուն` անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:
Սէուտի յայտնեց, որ իրենք բոլոր միջոցներուն եւ նախազգուշական քայլերուն պիտի դիմեն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագային նման դէպքերու առաջքը առնել:
CATEGORIES Լիբանանեան