Պըրրի. «Սինիորայի Հետ Հանդիպումը Թափանցիկ Էր Եւ Անկեղծ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ, յայտնեց, որ այդ հանդիպումը եղած է թափանցիկ եւ անկեղծ` աւելցնելով, որ պէտք է շարունակել այդ հանդիպումին ընթացքին սկսած խորհրդակցութիւնները:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք` իբրեւ խորհրդարանի նախագահ, յանձնառու է նաեւ, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքները յաջողին:
Նշենք, որ «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի իր այցելուներուն յայտնած է, որ ինք խորհրդարանը լիագումար նիստի մը պիտի չհրաւիրէ, եթէ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ կանխաւ համաձայնութիւն մը գոյացած չըլլայ:
CATEGORIES Լիբանանեան