Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Մոսկուա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, անցեալ շաբաթ օր անձնական օդանաւով մը ուղղուեցաւ Մոսկուա:

Այս այցելութեան մասին նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ անիկա պաշտօնական այցելութիւն չէ, այլ` անոր նպատակն է ստանձնել Մոսկուայի կողմէ իրեն յանձնուելիք շքանշանը:

Այս առիթով, սակայն, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուին լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանանի կատարուելիք ռուսական օժանդակութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք զինուորական են, Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES