Ռիատի Մէջ Վարչապետ Միքաթի Կը Մասնակցի Տնտեսական Եւ Ընկերային Բարգաւաճման Արաբական Վեհաժողովին

Պաշտօնական դիմաւորում` Ռիատի օդակայանին մէջ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ  մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` գլխաւորելով Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի:

Միքաթի Ռիատի մէջ պիտի մասնակցի Տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման արաբական վեհաժողովին:

Ռիատի մէջ վարչապետ Միքաթին եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Ռիատի Մոհամետ պըն Սաատ իշխանը եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին:

Մոհամետ պըն Սաատ իշխանին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այսօր տեղի ունենալիք Տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման արաբական վեհաժողովը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, յատկապէս այն առումով, որ անիկա կը միտի արաբական ընկերութեան բարգաւաճում ապահովել, հակառակ շրջանին դիմագրաւած զգայուն պայմաններուն:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ բոլոր ղեկավարներն ու պատասխանատուները պէտք է գիտակցին, որ իրենք իրենց ժողովուրդներուն պէտք է շօշափելի արդիւնքներ ապահովեն` շրջանցելով որոշումներն ու խոստումները, որոնք կարիքը ունին գործադրութեան:

«Արաբական ընկերութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի եւ մնայուն կերպով կը փաստէ, թէ ինք բարգաւաճումի եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու ուղիին վրայ կը գտնուի: Հետեւաբար, պէտք է ըմբռնենք, որ մեզմէ պահանջուածը այդ պատասխանատուութեան յանձնառու մնալն է», ըսաւ ան:

Արապի եւ Միքաթի

Վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս այցելութեան բնոյթը յստակ է, հետեւաբար, պէտք չէ զայն նկատել Սէուտական Արաբիա պաշտօնական այցելութիւն, սակայն այդ այցելութեան ընթացքին սէուտցի պատասխանատուներու հետ հանդիպումներ կրնան կատարուիլ:

Նշենք, որ Ռիատի մէջ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Քննարկուեցան Սուրիայէն Լիբանան հասած պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին զարգացումները:

 

Share this Article
CATEGORIES