Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Արոնեան Յաղթեց Եու Եիֆանի
Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Վիյք Աան Զիի միջազգային մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 8-րդ հանգրուանին ճերմակ քարերով յաղթեց Եու Եիֆանի (Չինաստան):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արոնեան այժմ ունեցաւ 5 կէտ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ, որ ունի 5,5 կէտ:
Նշենք, որ այժմ 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Արոնեան 9-րդ հանգրուանին պիտի մրցի Էրվին Լամիի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

