Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շապապ Արապի` (1-3)
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 19 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ Շապապ Արապիէն` 3-1 արդիւնքով:
Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, մրցակից կազմը Բ. կիսախաղին այլ կոլ մըն ալ նշանակեց, որմէ ետք ՀՄԸՄ նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Քրիսթիան Թիմունեանի (80-րդ):
Մրցակից կազմը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) կոլ մըն ալ նշանակելով մրցումը աւարտեց 3-1 արդիւնքով:
Ա. խմբակին մնացեալ մրցումներուն արդիւնքին լոյսին տակ, ՀՄԸՄ իր կրած այս պարտութենէն ետք մնաց երրորդ դիրքին վրայ:
11-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ: Ինչ ալ ըլլայ մրցումին արդիւնքը, անիկա կարեւոր պիտի չըլլայ ՀՄԸՄ-ի համար, որովհետեւ խումբը ո՛չ Դ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ է եւ ո՛չ ալ յոյս ունի Բ. դասակարգ բարձրանալու:

