Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Երթի Մրցումները Աւարտեց Առանց Պարտութեան
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, շաբաթ, 19 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Զահլէն (Հաուշ Ումարա):
102-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով` ՀՄԸՄ Պէյրութ այսպիսով արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` երթի մրցումները աւարտելով առանց պարտութեան:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 29-9, 15-13, 32-17 եւ 26-22:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (29 կէտ), ապա` Վարդգէս Մենտիլեան (16) եւ Ռալֆ Աքըլ (15): Մնացեալ կէտերը նշանակեցին Յարութ Տեկիրմենճեան (10), Երուանդ Աւագեան (9), Ռամզի Քամարէտտին (8), Հրակ Մերտինեան (7), Ռոպերթ Պու Տաղեր (4) եւ Սագօ Սվաճեան (3):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ Պէյրութ ապահովելով առաւելագոյն 14 կէտը, կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` սպասելով դարձի մրցումներուն յայտագիրին հրապարակումին: