ՄԱՅԻՍ 6-Ը ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՍՏԻՆ ՆԵՐԱՌԵԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԱՑՈՅՑԻՆ ՄԷՋ

Մոհամետ Պաալպեքի` լրագրողներու պարգեւատրման հանդիսութեան ընթացքին

Անցեալ ուրբաթ օր Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի ունեցաւ լրագրողներու պարգեւատրման հանդիսութիւն մը` ներկայութեամբ իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի եւ Խմբագիրներու սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտինի:

Նահատակաց տօնին առիթով եւ նահատակ լրագրողներու յիշատակի ոգեկոչման այս ձեռնարկին ընթացքին, պարգեւատրուած լրագրողներու փաղանգի նախագահ Սամի Ապտել Պաքի յայտնեց, որ Մայիս 6-ը լուռ եւ սառած թուական մը չէ` նշելով, որ առանց այդ թուականին լիբանանեան պետութիւն եւ Լիբանան գոյութիւն չէին ունենար:

Այս ծիրին մէջ ան կոչ ուղղեց իշխանութեան պետերուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն այդ թուականը մոռացութեան չենթարկելու:

Ապտել Պաքի պահանջեց սրբագրել մայիս 6-ի Նահատակաց տօնը ազգային տօներու ցանկէն զեղչելու մեծ սխալը եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու այդ տօնը անցեալի նման նշելու աւանդութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES