ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ օր ներկայ գտնուեցաւ Հաշմանդամներու հոգատարութեան լիբանանեան միութեան կազմակերպած տարեկան ընթրիքի երեկոյին, որ տեղի ունեցաւ «Պիել»ի մէջ:
Սոյն երեկոյին արտասանած իր խօսքին մէջ խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց պատասխանատու եւ ամբողջական կառավարութեան մը կազմութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով նաեւ, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ վերջ տալ բոլոր այն պատճառներուն, որոնք Լիբանանի համախոհութեան ուժը երկփեղկեցին հորիզոնական եւ ուղղահայեաց կերպով:
Պըրրի նշեց, որ լիբանանեան հզօր պետութիւն մը հիմնելու առաքելութիւնը ձախողած է, որովհետեւ ոմանք մենաշնորհներու կառչած մնացած են եւ Թաէֆի համաձայնագիրը չեն գործադրած: Ան հաստատեց, որ Դիմադրութեան զէնքը օր մը օրանց պատճառ չէ եղած պետութեան հիմնումին մէջ թերանալու, «հետեւաբար պէտք է վերջ տալ զէնքի պատճառաբանութեան եւ այն ենթադրութիւններուն, թէ զէնքերը ուղղուած են ոմանց գլուխին», աւելցուց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանան պէտք չէ մնայուն կերպով խաչելութեան ենթարկուի` աւելցնելով, որ անկարելի է իւրաքանչիւր աշխատանք վերածել գողգոթայի:
Միւս կողմէ, Պըրրի հաւաստեց, որ Դիմադրութեան զօրակցիլը ազգային առաքելութիւն է, որովհետեւ այդպիսով կ՛երաշխաւորուի երկրին անվտանգութիւնը:
Շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պուէյզ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքները շատ աւելի մեծ են, քան ներքին գործոց նախարարութեան հարցը:
Պուէյզ դիտել տուաւ, որ Պըրրի ճիգ չի խնայեր կառավարութեան կազմութեան առումով` մաղթելով, որ Պըրրիի ջանքերը արդիւնաւորուին:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Ուիլիըմզ անցեալ շաբաթավերջին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական զարգացումները:
Ուիլիըմզ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի աշխուժ կառավարութեան մը, որ պէտք է կազմուի քանի մը օրուան ընթացքին:


