ՇԱՄԻ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Նախարար Շամի եւ դեսպան Զասպիքին

Արտաքին գործոց գործավար նախարար Ալի Շամի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ Շամիի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային հրատապ կարգ մը խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները:

Այս ծիրին մէջ ան հաստատեց, որ Ռուսիա կը մերժէ շրջանին մէջ արձանագրուող բռնարարքները, դէմ է շրջանի պետութիւններուն ներքին հարցերուն միջամուխ դարձող արտաքին միջամտութիւններուն, կը զօրակցի ներքին երկխօսութիւններուն, որոնք կրնան արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն լուծումներ ապահովել, ինչպէս նաեւ կ՛աջակցի բարեկարգումի ալիքին, որ կը գործադրուի այս շրջանի պետութիւններուն ինքնուրոյն որոշումին հիման վրայ:

Զասպիքին մաղթեց նաեւ, որ պաղեստինեւիսրայէլեան երկխօսութիւնը վերսկսի, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատել, ինչպէս նաեւ յանգիլ արաբական-իսրայէլեան տագնապին ամբողջական լուծման:

Ռուսիոյ դեսպանը նկատել տուաւ նաեւ, որ իրենք քննարկած են լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա կը մերժէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը:

 

Share this Article
CATEGORIES