ՄԻՔԱԹԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իր նշանակումէն չորս ամիս ետք վարչապետ Միքաթի այսօր պիտի վերսկսի կառավարութեան կազմութեան իր ջանքերուն:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ ներկայիս ոչ մէկ ճիգ կը խնայուի ներքին գործոց նախարարութեան աշխատանքները ստանձնող ատակ անձնաւորութեան մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու առումով:

Նշենք, որ ըստ նոյն աղբիւրներուն, Միքաթի նախանցեալ օր այցելած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, նոյն աղբիւրները քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետին անձնական շահերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութիւնները կը միտին հարուածել Միքաթիի ազգային եւ սահմանադրական համոզումները, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ վարչապետ Միքաթի իր շահերը կը տեսնէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն մէջ:

Այս աղբիւրները հաստատեցին, որ Միքաթիի վարչապետ նշանակումէն ի վեր հարիւր օր անցած է, սակայն կարեւորը կայունութիւնն է: «Այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ, ապա կարելի կ՛ըլլայ կազմել նաեւ հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը», նշեցին Միքաթիի մօտիկ աղբիւրները:

Միւս կողմէ, անոնք նկատել տուին, որ Սուրիոյ հետ վարչապետ Միքաթիի յարաբերութիւնները սովորական են:

Ակնարկելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հաւանական հանդիպումի մը` Միքաթիի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ վարչապետը ամիս մը առաջ արդէն իսկ հանդիպում մը ունեցած է սէյիտ Նասրալլայի հետ:

Share this Article
CATEGORIES