«ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԳՐԱՒ ԴՆԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Ի ՎԱՐ ՊԻՏԻ ԳԼՈՐԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի քուէյթեան «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ լիբանանցիները իրենք զիրենք չամրապնդեն եւ արտաքին ուժերու վրայ դնեն իրենց գրաւը, ապա անոնք անդունդն ի վար պիտի գլորին:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` Յ. Բագրատունի ընդգծեց կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ յաւելեալ բարեկարգումներ պահանջելու իրականութեան` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ պահանջները կրնան վերածուիլ քաղաքական եւ արտաքին պահանջներու, որոնց նպատակն է սուրիական վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնել:
Այս ծիրին մէջ Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ շրջանին մէջ քաոս ստեղծելու եւ դաւադրութիւններ նախապատրաստելու, որպէսզի հանգիստ շնորհէ Թել Աւիւին` պաղեստինցիներուն դէմ փափաքածը կատարելու եւ շրջանին քարիւղէն առյաւէտ օգտուելու:
Նշենք, որ երեսփոխան Յ. Բագրատունի հարցազրոյց մը տուաւ նաեւ «Աֆքար» շաբաթաթերթին: Հարցազրոյցին ամբողջական ձեւով կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ: