50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 10 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՆԻՍՏԸ

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ
ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ

Լիբանանի թեմի Ազգային գաւառական ժողովը, հինգշաբթի, 4 մայիս, երեկոյեան ժամը 6:30-8:30 գումարեց ներկայ նստաշրջանի իր եօթներորդ նիստը` նախագահութեամբ առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ ատենապետութեամբ փոխ ատենապետ Վահէ Սէթեանի:

Ժողովը բացուեցաւ սրբազան հօր Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք սրբազանը ժողովին ներկայացուց երկու յուշագիրներ, մէկը` ազգային վարժարաններուն մէջ արաբերէնի ուսուցման, երկրորդը` Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ երկրորդական վարժարան մը հաստատելու մասին:

Երկու յուշագիրներուն առնչութեամբ ալ ժողովը միաձայնութեամբ բաժնեց սրբազան հօր մտահոգութիւններն ու առաջարկները:

Արաբերէնի ուսուցման կապակցութեամբ, ժողովը որոշեց յանձնարարել նորընտիր Քաղաքական ժողովին, որ անհրաժեշտ դիմումները կատարէ, ուր որ անկ է, որպէսզի հայկական վարժարաններու տրամադրուող ուսուցիչներուն թոշակներուն ամբողջական գումարը տրուի Ազգային իշխանութիւններուն, որոնք պիտի ընտրեն այդ ուսուցիչները` զանոնք ենթարկելով տնօրէնութեանց ուղղակի հակակշռին: Եւ այս` աւելի զարկ տալու համար արաբերէնին:

Երկրորդ յուշագիրը կը վերաբերէր Պուրճ Համուտի մէջ երկրորդական վարժարան մը հիմնելու անհրաժեշտութեան: Սրբազանը իր տեղեկագրին մէջ շեշտեց, թէ արդէն իսկ գոյութիւն ունի ազգապատկան հող մը` 1092 քառ. մեթր տարածութեամբ, որուն կից հողին գնումով կարելի է պատկառելի շէնք մը բարձրացնել, արդիական բոլոր յարմարութիւններով: Այս վարժարանը մուտքի քննութեամբ պիտի ընդունուին Պուրճ Համուտի շրջանի 8 ազգային նախակրթարաններու շրջանաւարտներուն յաջողագոյնները եւ աւարտելէ ետք հնգամեայ շրջանը, պիտի կրնան համալսարան մտնել:

Ժողովը իւրացուց սրբազանին առաջարկը եւ որոշեց յանձնարարել Քաղաքական ժողովին, որպէսզի իր առաջին գործերէն մէկը դարձնէ այս ծրագրին իրագործումը:

Ապա ժողովը լսեց Վ. Սէթեանին զեկուցումը` ազգային վարժարաններու ներքին կանոնագրի մասին, որուն գործադրութիւնը առկախուած կը մնայ ցարդ: Որոշուեցաւ յանձնարարել Քաղաքական ժողովին, որպէսզի Ուսումնական խորհուրդին հետ կազմէ մանրամասն եւ փաստացի տեղեկագիր մը:

Օրակարգի վերջին հարցն էր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւնը: Նախ գնահատանքի բանաձեւ ընդունուեցաւ նախկին Քաղաքական ժողովի գործունէութեան մասին եւ ապա տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը: Գրեթէ միաձայնութեամբ ընտրուեցան հետեւեալ քահանայ հայրերը եւ ազգայինները.

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Տ. Յարութիւն Ա. քհնյ. Կեպենլեան
Տ. Յուսիկ Ա. քհնյ. Այանեան
Տ. Խորէն քհնյ. Աճեմեան
Տ. Հմայեակ Ա. քհնյ. Տէր Պետրոսեան
Տ. Գէորգ քհնյ. Տէր Յարութիւնեան
Տ. Մեսրոպ քհնյ. Տեմիրճեան
Տ. Արշէն քհնյ. Աշըգեան

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ռուբէն Մաւիսագալեան
Օննիկ Չերքեզեան
Յակոբ Թերճանեան
Ներսէս Ներսէսեան
Արամ Մինասեան
Գառնիկ Բանեան
Բիւզանդ Թիւթիւնճեան

Share this Article
CATEGORIES