ԿԱՐԵԼԻ՞ Է «ՎԱՏ» ՃԱՐՊԵՐԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ «ԼԱՒ» ՃԱՐՊԵՐՈՎ

Մայիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ կարելիութիւնը կայ մարդկային մարմնին ճարպերը վերածելու ճարպի այնպիսի՛ տեսակի մը, որ կրնայ դիւրութեամբ ջերմուժ այրել, ինչպէս նաեւ` արագօրէն նուազեցնել մարմնին ծանրութիւնը:

Ամերիկացի մասնագէտներ նշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարած են առնէտներու վրայ, սակայն անոնք կը նախատեսեն, թէ առնէտներուն վրայ կատարուած փորձարկումներէն ձեռք ձգուած արդիւնքներուն նման արդիւնքներ կարելի է ստանալ նաեւ մարդոց պարագային:

Մասնագէտները ըսած են, թէ երբ վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները վերջնականանան, ապա ատիկա կրնայ ծառայել իբրեւ` գիրութիւնը դարմանող խոստմնալից նոր միջոց մը շատ գէր եղող մարդոց համար:

Մասնագէտները գտած են, թէ երբ փոփոխութեան ենթարկած են ախորժակի հետ առնչուած բնասպիտի մը կերտուածքը, ապա ատիկա ո՛չ միայն նուազեցուցած է առնէտներուն մարմնին ջերմուժ պահելու կարողութիւնը եւ, հետեւաբար` մարմնին ծանրութիւնը, այլ նաեւ ձեւափոխած է ճարպերուն բաղադրութիւնը: Այսուհանդերձ, ճերմակ «վատ» ճարպը վերածուած է սրճագոյն «լաւ» ճարպի:

Ծանօթ է արդէն, որ սրճագոյն ճարպը առատօրէն կը գտնուի երեխաներուն մարմնին մէջ. անիկա կը գործածուի իբրեւ ուժանիւթի աղբիւր` մարմնին անհրաժեշտ եղող ջերմութիւնը ապահովելու համար, միեւնոյն ատեն իր պարունակած յաւելեալ ջերմուժը վատնելով` փոխանակ զայն պահելու:

Սակայն, երբ հետզհետէ կը յառաջանայ մարդոց տարիքը, անոնց մարմնին պարունակած սրճագոյն «լաւ» ճարպին մեծ մասը կ՛անհետանայ եւ կը փոխարինուի ճերմակ «վատ» ճարպով, որ իր կարգին կը կուտակուի գլխաւորաբար մէջքին շուրջ:

ՄԱՐՄՆԻ ՀԱԿԱԿՇՌՈՒԱԾ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆ`
ՆՈՅՆԻՍԿ ՄԵԾ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՐՊՈՏ
ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ՍՊԱՌԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Մասնագէտները յայտնած են, թէ երբ կարելի կ՛ըլլայ մղել, որպէսզի մարդկային մարմինը մեծ տարողութեամբ սրճագոյն ճարպ պարունակէ, ապա ատիկա կրնայ մարմնին ծանրութիւնը հակակշռող նպաստաւոր միջոց մը հանդիսանալ եւ, այդպիսով, կարելի կ՛ըլլայ կասեցնել գիրութիւնն ու անոր առնչուած առողջական հարցերու (օրինակ` երկրորդ տեսակի շաքարախտի) յառաջացման վտանգը:

Նախապէս մասնագէտներու տարբեր խմբակներ նախաձեռնած են տարբեր ուսումնասիրութիւններու` ճերմակ ճարպը սրճագոյն ճարպի վերածող ձեւեր գտնելու համար, սակայն օրին անոնք չեն կրցած իրենց ուսումնասիրութիւնը արդիւնաւէտ դարձնող անհրաժեշտ տուեալները ձեռք ձգել:

Սակայն վերջերս ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Շինկ Պիի գլխաւորած ուսումնասիրութենէն կարելի եղած է ձեռք ձգել խոստմնալից արդիւնքներ: Տոքթ. Պին ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը առնէտներու վրայ կատարած են փորձարկում մը, որուն մէջ անոնք կասեցուցած են այս վերջիններուն ուղեղին մէջ եղող ախորժակ գրգռող Էն. Փի. Ուայ. կոչուած բնասպիտին աշխատանքը: Այսուհանդերձ, անոնք գտած են, թէ նշեալ բնասպիտին աշխատանքին կասեցումով` նուազած է առնէտներուն ախորժակն ու սպառած ուտելիքին տարողութիւնը:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ նոյնիսկ երբ նշեալ առնէտներուն տրուած է մեծ տարողութեամբ ճարպ պարունակող ուտելիքներ, այսուհանդերձ, անոնց մարմինը կրցած է ուշագրաւ կերպով հակակշիռի տակ պահել իր ծանրութիւնը, քան այն առնէտները, որոնց ախորժակ գրգռող բնասպիտը շարունակած է աշխուժօրէն աշխատիլ:

Երբ մասնագէտները ստուգած են առնէտներուն մարմնին պարունակած ճարպին տարողութիւնը, հետաքրքրական փոփոխութիւններ նկատած են անոնց մօտ: Անոնք գտած են, թէ ա՛յն առնէտներուն մօտ, որոնց ախորժակ գրգռող բնասպիտին աշխատանքը կասեցուած է, ճերմակ «վատ» ճարպէն մաս մը փոխարինուած է սրճագոյն «լաւ» ճարպով:

Մասնագէտները կը նախատեսեն նման արդիւնքներ ձեռք ձգել նաեւ մարդոց պարագային: Անոնք կը ծրագրեն սրճագոյն ճարպի առնչուած մայր բջիջներու խառնուրդ մը ներարկել մարդոց մորթին տակ` այրելու համար ճերմակ ճարպը եւ, այդպիսով, նուազեցնելու մարմնին ծանրութիւնը:

Տոքթ. Պին ըսած է, որ եթէ կարելի ըլլայ մղել, որպէսզի մարդկային մարմինը «վատ» ճարպը վերածէ «լաւ» ճարպի, որ իր կարգին կարենայ այրել ջերմուժը` փոխանակ կուտակելու զայն, ապա նշեալ միջոցը կրնայ հսկայ յառաջխաղացք արձանագրել գիրութեան առաջքը առնելու կապակցաբար տարուած ջանքերուն մէջ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ» եւ «ՀԵԼԹ ՏԷՅ»)

 

Share this Article
CATEGORIES
TAGS