Յուշատետր. Օրուան Ուտելիքը

Ռ. Հ.

– Այսօր ի՞նչ պիտի ճաշենք:

Ահաւասիկ հարցում մը, որ վստահ ենք, թէ գրեթէ ամէն տունէ ներս կը հնչէ: Այրերը իրենց կիներուն կը հարցնեն, զաւակները իրենց ծնողներուն կը հարցնեն: Երբեմն ալ ճաշ պատրաստող պատասխանատու անձերը այս հարցումը կ՛ուղղեն իրենք իրենց: «Այսօր ի՞նչ ճաշ պատրաստեմ»: Բայց հարցումը իր ընդհանուր իմաստին մէջ վստահաբար ամէն օր անգամ մը կը հնչէ ամէն երդիքի տակ:

– Այսօր ի՞նչ է ճաշը:

Հոս ալ կրնանք բաղդատութիւն մը ընել անասուններու ու մարդոց միջեւ: Կ՛երեւի, թէ անասուններն ալ ամէն օր կրնան այս հարցումը ուղղել իրենց բնազդային մտածողութեան մէջ, անասուններն ալ ամէն օր կրնան մտահոգուիլ նոյն հարցումով, բայց անոնց մտահոգութիւնը մարդուն մտահոգութենէն տարբեր է: Երբ մարդը կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պիտի ուտէ, անոր նպատակը հարիւրաւոր ուտելիքներու մէջէն ընտրութիւն մը ընել, այդ ընտրուածը իրականացնել է: Մինչդեռ երբ անասունը կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պիտի ուտէ, անոր մտահոգութիւնն է այն հարցը, թէ այսօր ի՞նչ պիտի կարենայ գտնել ուտելու համար, ուրկէ՞ պիտի գտնէ իր ուտելիքը, եւ թէ` պիտի կարենա՞յ գտնել այդ ուտելիքը: Անասունը կ՛ուտէ` ինչ որ պիտի գտնէ: Մարդուն համար կարելի չէ կիրարկել նոյն տարազը: Մարդը իր ուտելիքը պիտի ընտրէ հազարաւոր ուտելիքներու մէջէն: Այո՛, ճիշդ է որ աշխարհի վրայ կան մեծ թիւով չքաւոր ու անբախտ մարդիկ, որոնք պիտի ուտեն, այն ինչ որ պիտի կարենան գտնել, բայց ասիկա մարդու պարագային բացառութիւն է: Մարդու սննդական աշխարհն ու վարժութիւնները հիմնուած են ամէն օր տարբեր բան մը ուտելու ճաշակին ու կարելիութեան վրայ: Անասունին համար այսպիսի բան մը չկայ: Անասունին համար ճաշի մշակոյթ չկայ, խոհանոց չկայ, անասունը իր մսավաճառն ու բանջարավաճառը չունի, անասունը ճաշատեսակներ սորվելու գիրք չունի, անասունը սեղան նստելու ու ճաշելու մասնաւոր ժամ մըն ալ չունի իր առօրեային մէջ: Անասունը իր ճաշարանն ալ չունի, որպէսի հոնկէ ներս մտնէ ու ճաշացուցակին նայի թէ այդ օր հոն ի՞նչ կրնայ ուտել որպէս իր սիրած բանը:

Յիշենք ուրեմն, որ մարդուն համար նոյն հարցումը կը հնչէ նաեւ ճաշարանի մը մէջ: Յաճախորդը սպասեակին կը հարցնէ.

– Այսօր ի՞նչ կը յանձնարարես մեզի, այսօր ի՞նչ պիտի ուտենք:

Ճաշացուցակը հարուստ է: Բայց կրնայ պատահիլ, որ սպասեակը խոնարհի դէպի յաճախորդին ականջը եւ ըսէ.

– Դուք մէկդի ըրէք այդ ճաշացուցակը, ես ձեզի կը յանձնարարեմ սա կամ նա բանը:

Յաճախորդը կը վստահի ու կ՛ապսպրէ: Այնուհետեւ անհամբերութեամբ պիտի սպասէ, որ ապսպրուածը դրուի սեղանին վրայ: Ասիկա արարողութիւն մըն է:

Բայց պէտք չունինք երթալու մինչեւ ճաշարան: Տուներէ ներս ապրուած կեանքը մեզի կը բաւէ: Ամէն տունէ ներս երբեմն շատ հաճելի, երբեմն ալ շատ ձանձրացուցիչ հարցում է այն, որուն համար ըսինք, թէ կը հնչէ ամէն երդիքի տակ:

– Այսօր ի՞նչ պիտի ուտենք:

Ըսինք արդէն ու կրկնենք: Մարդուն ու անասունին միջեւ ամէնէն հիմնական տարբերութիւններէն մէկը այն է, թէ մարդը ամէն օր տարբեր բան մը ուտել կը ցանկայ: Ընկերային ու բարօր կեանքի որոշ մակարդակէ մը անդին, մարդուն համար ձանձրացուցիչ բան է ամէն օր նոյնը ուտել: Ահաւասիկ ուրիշ նախադասութիւն մըն ալ կայ, որ հաւանաբար երբեմն կը հնչէ ամէն երդիքի տակ:

– Այսօ՞ր ալ նոյն բանը պիտի ուտենք:

Ամէն օր տարբեր բան մը ուտելը միայն հետաքրքրութեան կամ փոփոխութեան հարց չէ, այլ նաեւ` ճաշակի ու մշակոյթի, նաեւ ախորժակ բանալու: Փոփոխութիւնը կը բանայ մարդուս ախորժակը ճաշը կը դարձնէ աւելի հաճելի ու առինքնող: Այս պատճառաւ է, որ խոհարարները կամ տանտիկինները կ՛ուզեն նորութիւններ ստեղծել եւ ամէնուն ծանօթ միսերը, բանջարեղէնները, համեմները տարբեր տեսարաններու ու տարբեր համերու մէջ օգտագործել: Կը սիրէ՞ք կամ չէք սիրեր, ատիկա տարբեր հարց է: Տարբեր հարց է նաեւ այն, թէ երբեմն ուտելիքներու այս գլխու պտոյտ պատճառող առատութեան ու զանազանութեան մէջ մարդիկ յաճախ կ՛ուզեն ուտել իրենց շատ սիրած սա կամ նա բանը, որմէ չեն ձանձրանար: Բայց, վերջին հաշուով, մեր քաղքենի ժամանակակից կեանքը այնպէս բերած է, որ այլեւս ամէնէն համեստ ճաշասեղանին վրայ իսկ նորութիւն մը փնտռուի: Հարիւր տարի առաջ, երկու հարիւր տարի առաջ, մանաւանդ գիւղական պայմաններու մէջ ամէն ինչ շատ տարբեր էր անպայման: Բայց այսօր մարդիկ ճաշասեղանին վրայ ամէն օր հաճելի փոփոխութիւն մը ապրիլ կը ցանկան: Եւ եթէ կ՛ուզենք գաղափար մը ունենալ, թէ այդ փոփոխութիւններու ցուցակը որքա՞ն ճոխացած է, կը բաւէ, որ պտոյտ մը ընենք գերարդիական սիւփեր-մարքեթի մը մէջ: Այսպիսի պտոյտի մը ընթացքին մարդիկ կարծես պիտի դադրին հարցնելէ.

– Այսօր ի՞նչ պիտի ուտենք:

Այլ պիտի հարցնեն.

– Այսօր ո՞ր մէկը պիտի ընտրենք: Ասոնցմէ քանի՞ն կրնանք ուտել այսօր:

[email protected]

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )