Հայ Տպագրութեան 500-ամեակի Կողքի Ճամբաներով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Նոյեմբեր 26, Փարիզ:

Լոյս Քաղաքի սրտին վրայ` ՄԱԶԱՐԻՆ Մատենադարան: Փայլ ունեցող դարաւոր շէնք մը:

Մեծղի սեղաններու առջեւ նստած  են գլխահակ մարդիկ` գիրքերու խորհուրդին անձնատուր: Անցեալ եւ մտաւոր ժառանգութիւն կ՛իւրացնեն: Շարունականութիւն կ՛ապահովեն:

Մարդիկ, երիտասարդներ, ազգային մշակոյթին տիրութիւն ընող քուրմերը տաճարին:

Սրահ մը: Կրկին սրահ մը: Նոյն խոհուն դէմքերը, որոնք մեր անցքը չեն նկատեր անգամ: Կը քալենք անխօս: Գրեթէ մեր մատներուն վրայ: Երկիւղածութեամբ: Եկեղեցիներ այցելող զբօսաշրջիկներ չկան հոս:

Կը յայտնուին ապակեդարաններու մէջ, ինչպէս խորաններու, բացուած հայատառ գիրքեր, որոնցմէ կը ճառագայթէ հայ մարդոց միտքի եւ հաւատքի լոյսը` հինգ դարերու խորքէն, ինչպէս` հեռաւոր համաստեղութիւններու լոյսը:

Պետութիւն չունեցող ազգի մը զաւակները, աստանդական, մշակոյթը, գիրը, գիրքը, հայրենիք դարձուցած են հոն, ուր իրենց մախաղը գետին դրած են:

Հայ տպագրութեան 500-ամեակը առիթ` հայ գիրն ու գիրը պանծացնելու:

Ամեակներուն հետ, որոնք կ՛անցնին այլեւս շատ արագ, հայերէն գիրքին հետ կը խորթանանք շատ արագ: Զայն կը սիրենք ինչպէս թանգարանի իրերը, եթէ պատահի, որ ժամանակ ունենանք… թանգարան այցելելու:

Քանի որ շարականի վերածած ենք ամէն բան արդարացնող «ժամանակ չկան»:

Անցելաբոյր եւ Վահագնի առասպելը պատմող գծագրութիւններով հայերէն կիւթեմպերկեան տառեր: Կազմուած հատորներ: Անուններ:

Գիտաշխատողները, անդին, իրենց բանին են: Այդ գիրքերուն մասին լսա՞ծ են, չե՞ն լսած:

Սրահի այս մասին մէջ, տասնեակ մը ստուերի նմանող հայ ուխտաւորներ կան: Կը դիտեն, կը կարծեն քննել, կը փորձեն կարդալ, կը շրջին: Ճափոն ապրած եւ Միացեալ Նահանգներ բնակող յաւերժի ճամբորդ զբօսաշրջիկ մը, ինքնութեան թարմութիւն պահած հասուն տարիքի երեք կիներ, քանի մը երէցներ, որոնք ներկայացուածին մէջ անցեալ եւ իրենց նուաղող անցեալը կը փնտռեն:

Սեւահերներ չկան այս ուխտաւորներուն մէջ: Ի՞նչ գործ ունին հոս: Գծագրութեան կարիք կա՞յ երեւակայելու համար պատկերը:

Յանկերգի վերածուած «Օտարին ծանօթացնել»-ու դրական աշխատանքէն մենք որոշած ենք չօգտուի՞լ: Կամ` մենք արդէն ծանօթացա՞ծ ենք եւ մարդասիրական ոգիով կը դառնանք դէպի օտարը:

Հարստացնող հայ գիրքեր, հայու գիրքեր, Մեծ Մատենադարանին մէջ: Ոսկիի հանքն ալ պէտք է փորել:

Ամէն օր գինեձօնով բացում չի կատարուիր:

Դեկտեմբեր 7, Պէյրութ: Հայկազեան համալսարան: Կրկին հայ տպագրութեան 500-ամեակ: Ինքնատիպ գաղափար: Ցուցահանդէսէն առաջ խօսուեցաւ Լիբանանի մէջ հայ տպագրութեան մասին եւ գնահատուեցան հայ տպարանատէրերը, տպագրիչները, հրատարակիչները: Փոքրիկ ջոկատ մը: Բարեբախտաբար հով, փոթորիկ, խխում դարձնող տեղատարափ, երկնառաք պատրուակ էին սրահը լեցուած չտեսնելու տխրութիւնը բացատրող:

Մեծ թիւով տպարանատէր եւ տպագրական գործով զբաղողներ կան: Լա՛ւ որ կան: Բայց ոչ ոք կը զարմանայ, որ անոնց շարքին ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉ (կամ ՀՐԱՏԱԿՉԱՏՈՒՆ) չկայ, բառին լիիրաւ իմաստով, որ յանձն կ՛առնէ հեղինակին գործին հրատարակութիւնը, կը զբաղի անոր ցրուումով, հեղինակին իրաւունք կու տայ  եւ վճարում կ՛ընէ: Բայց այդ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ընել, երբ գրատուները կը փակուին, Հայաստան եւ սփիւռք, երբ լկտի կերպով կը լսենք, որ «գիրքը եղած է նուէր տրուելու համար», բարեկամ մը դեռ նոր կ՛ըսէր, որ պիտի հասնինք հոն, որ` «դրամ պիտի տանք, որ գիրքը կարդան»…

Հայկազեան համալսարանի սրահը բազմութեամբ չէր յորդեր, յորդառատ անձրեւ կար: Եթէ նոյն օրը Հայաստանի կամ Արցախի կորսուած մէկ գիւղի գիւղապետին ի պատիւ գինեձօն մը ըլլար, եթէ օտար մեծ կամ պզտիկ քաղաքական դէմքի մը համար ընդունելութիւն ըլլար, կամ օտարալեզու «հայանպաստ» կամ «հայկական» համարուած բովանդակութեամբ գիրք մը լոյս տեսնէր, եօթը անգամ եօթանասուն պորտ հեռուէն եւ եօթը անգամ եօթանասուն թաղերէն մեծ ու պզտիկ կու գային իրադարձութենէն բացակայ չըլլալու համար:

Հինգ հարիւր տարի առաջ սկսած հայ տպագրութեան եւ հայ գիրքի «սակա»-ն պիտի շարունակուի՞, թէ՞ ասոնք վերջին հրավառութիւններն են: Անբովանդակ հպարտութեամբ ինչպէ՞ս կրնանք նախկինի շարունակութիւնը ըլլալ, հարցում է` հետեւութեամբ Վիգէն Խեչումեանի:

Ի դէպ, ո՞վ է Վիգէն Խեչումեան…

1835-ին լոյս տեսած Հայր Ինճիճեանի «Հնախօսութիւնք» գիրքին կողքի ներսի էջը եթէ արտագրեմ, այսօր ամչցողներ կրնան ըլլալ…

 

 8 դեկտեմբեր 2012, Պուրճ-Համուտ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )